2017-01-31 11:33:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 31 յունուարի քարոզը ՝՝Յիսուսի հանդիպումը միշտ հիացմունք կը յառաջացնէ՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, այսօր, երեքշաբթի, 31 յունուարի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցանեց Սուրբ Պատարագը, եւ ներկաներուն մեկնաբանեց օրուան սուրբգրային ընթերցուածները՝ Պօղոս Առաքեալի եբրայեցիներու ուղղած նամակէն եւ Մարկոսի Աւետարանէն։

Սրբազան Հայրը նախ ներկայացուց Սուրբ Աւետարանի դրուագը, ուր կը պատմուի տեռատես կնոջ բուժումի եւ Յայրոսի աղջկան յարուցումի զոյգ հրաշքներու մասին (Մրկ Ե. 21-43)։ Յիշեալ հատուածը Յիսուսը կը ներկայացնէ ժողովուրդին մէջ։ Յիսուս հեռու չէ ժողովուրդէն. ան ուր ալ երթայ, միշտ ժողովուրդի բազմութիւն մը կը հետեւի իրեն. միշտ աւելի ժողովուրդ հրապուրուած է Յիսուսով։ Վիճակագրագէտներ թերեւս այսօր յայտարարէին՝ “Յիսուսի ժողովրդականութիւնը անկումի մէջ է”։ Սակայն Յիսուսի նպատակը ժողովրդականութիւն շահիլ չէր. Ան կը փնտռէր ժողովուրդը, եւ ժողովուրդը իր կարգին փնտռէր Յիսուսը։ Ժողովուրդը իր հայեացքը սեւեռած էր Յիսուսի վրայ, ինչպէս Յիսուս իր կարգին՝ իր հայեացքը սեւեռած էր ժողովուրդին վրայ։ Սակայն Յիսուսի ուշադրութեան առարկան զանգուածը չէր, այլ իւրաքանչիւր անհատը եւ իւրաքանչիւրն առանձին։ Այս է Յիսուսի հայեացքին իւրայատկութիւնը – Յիսուս ժողովուրդի  ներկայութեան մէջ զանգուածը չէ որ կը տեսնէ, այլ անհատը, իւրաքանչիւր անձ իր ամբողջութեամբ, իւրաքանչիւր անձ իր փոքր ու մեծ խնդիրներով, կարիքներով, անձկութիւններով եւ ուրախութիւններով։ Յիսուս իր հայեացքով կը պատասխանէ իւրաքանչիւր անհատի հայեացքին եւ մերձեցումին։

Մարկոսի Աւետարանի հատուածը կը պատմէ երկու հրաշքներու մասին։ Նախ մեզի կը ներկայացնէ տեռատես կնոջ պարագան, որ 12 տարիներ կը տառապէր հիւանդութեամբ։ Ան, Յիսուսի հետեւող ամբոխին մէջէն կը յաջողի մօտենալ Յիսուսի եւ դպչիլ անոր վերարկուին։ Անմիջապէս կը բուժուի։ Յիսուսի ուշադրութենէն չի վրիպիր կնոջ արարքը, Յիսուս կը զգայ անոր մօտենալը։ Ապա, երկրորդ հրաշքը կը պատմէ, թէ Յիսուս կը յարուցանէ Յայրոսի 12 տարեկան աղջիկը, որ մահացած էր։ Յայրոս ժողովարանի գլխաւորներէն մէկն էր։ Յիսուս կը յարուցանէ աղջիկը, անոր կրկին կեանք կու տայ։ Այստեղ նաեւ, Յիսուսի ուշադրութենէն չի վրիպիր այն պարագան, թէ աղջիկը անօթի է, եւ կը յանձնարարէ ծնողքին, որ աղջկան կերակուր տան։

Յիսուսի հայեացքը կ’երթայ մեծին եւ փոքրին։ Յիսուս հայեացքը կ’ուղղէ մեզի բոլորիս, եւ իւրաքանչիւրին առանձին։ Յիսուս կը տեսնէ մեր մեծ խնդիրները, մեր մեծ ուրախութիւնները, եւ սակայն Անոր աչքերէն չեն վրիպիր առօրեայ փոքր բաները։ Յիսուս մօտ է մեզի, Ան չի տարուիր մեծ բաներէ, այլ հաշուի կ’առնէ նաեւ փոքր բաները։

Պօղոս Առաքեալ, եբրայեցիներուն ուղղած նամակին մէջ կը յորդորէ՝ “Պէտք է թօթափենք ամէն ծանրութիւն կամ մեղք որ մեզ կը կաշկանդէ եւ համբերութեամբ դիմագրաւենք փորձութեան շրջանը որ կը սպասէ մեզի։ Սեւեռենք մեր աչքերը մեր հաւատքի պետին վրայ, որ զայն կը տանի կատարելութեան, Յիսուսի, որ փոխանակ ուրախութեան որ առաջարկուած էր յանձն առաւ կրել խաչը։” (Եբր ԺԲ. 1-2)

Ֆրանչիսկոս Պապ, ընդգծելով Առաքեալին խրատը, յորդորեց որ “յարատեւութեամբ մեր աչքերը սեւեռենք Յիսուսի վրայ”. այսպէսով մենք ալ “խորապէս պիտի զարմանանք”, ինչպէս զարմացած էին Յայրոսի տունը գտնուողները, աղջկան յարութենէն վերջ։

Երբ մենք կը մօտենանք Յիսուսի, մեր հայեացքը կ’ուղղենք Անոր - ի՞նչն բան պիտի յայտնաբերենք, հարց տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ յարեց - Պիտի տեսնենք թէ ան իր հայեացքը ուղղած է մեզի։ Ահա այդ իրականութիւնը ինծի զգալ կու տայ զարմանք եւ հիացմունք։ Յիսուսի հանդիպումը միշտ հիացմունք կը յառաջացնէ։ Պէտք չէ վախնանք, ինչպէս չվախցաւ հիւանդ կինը եւ համարձակութեամբ մօտեցաւ Յիսուսի, հակառակ ամբոխին, հակառակ դժուար կացութեան։ Չվախնանք եւ յառաջ ընթանանք այդ ճանապարհին վրայ, միշտ հայեացքը ուղղելով Յիսուսի։ Անպայմանօրէն պիտի ապրինք մեծ անակնկալ՝ տեսնելով Յիսուսի հայեացքը սեւեռած մեր վրայ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.