2017-01-31 14:02:00

''Քրիստոնեայ գաղթականներու նախընտրութիւն տալը՝ պատճառ է լարուածութիւններու''։


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու Պատրիարք, Լուիս Ռաֆայէլ Սաքօ, խօսելով Սուրբ Աթոռի՝ Ժողովուրդներու Աւետարանումի Ժողովի լրատուուական Ֆիտես գործակալութեան, յայտնած է թէ ԱՄՆի նախագահի այն որոշումը՝ նախընտրութիւն տալ քրիստոնեայ գաղթականներուն, կրնայ պատճառ դառնալ լարուածութիւններու եւ թակարդ հանդիսանալ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար։

Ըստ ԱՄՆի նախագահ, Տոնալտ Թրամփի գործադիր որոշումին, ժամանակաւորապէս պիտի կասեցուի ամբողջ աշխարհէն հասնող փախստականներու եւ եօթ երկիրներէ ժամանող գաղթականներու հոսանքը, որպէս զի վերատեսուի գաղթականներու հետախուզման գործընթացը։ Վճիռը կը նախատեսէ, որ կասեցման բարձումէն ետք, գաղթականներու ընկալումը ըլլայ ըստ կրօնքի պատկանելիութեան։ Պատրիարք Սաքօ ըսած է, թէ այս վճիռը, կրնայ առիթ տալ որ “նախապաշարումով լեցուած մարմիններ յարձակումներ գործեն Միջին Արեւելքի բնիկ քրիստոնեայ հասարակութիւններու վրայ, զանոնք նկատելով իբր օտար տարրեր եւ խմբակցութիւններ, որոնք կը վայելեն Արեւմուտքի զօրակցութիւնը եւ պաշտպանութիւնը։”
Կարդինալ Լուիզ Անթոնիօ Թակլէ, Արքեպիսկոպոս Մանիլայի, Նախագահ Միջազգային Քարիթասի, յունուար 30ին գտնուած է Պէյրութ, Լիբանանի Քարիթասի գլխաւոր կենդրոնին մէջ։ Ծիրանաւորը յայտնած է, թէ որեւէ քաղաքականութիւն, որ նախընտրութիւններ կու տայ քրիստոնեաներուն, պիտի արծարծէ թշնամական կեցուածք քրիստոնեաներու եւ իսլամներու միջեւ։ “Ժամանակը չէ, որ աւելցնենք նախապաշարումները, հակառակութիւնները եւ խտրականութիւնը”, ըսած է ան։








All the contents on this site are copyrighted ©.