2017-01-31 08:27:00

Միջ կրօնական ներդաշնակութեան համաշխարհային շաբաթ։


(Ռատիօ Վատիկան) 1 – 7 փետրուար 2017-ին կը նշուի Միջ-կրօնական ներդաշնակութեան համաշխարհային շաբաթը որ հաստատուած է ՄԱԿ-ի կողմէ եւ որուն նպատակն է բարի կամքի ու միջկրօնային ներդաշնակութեան պատգամ մը տարածել աշխարհի բոլոր եկեղեցիներու, մզկիթներու, սինակոկներուն ու այլ կրօններու աղօթատեղիներուն մէջ­. Պատգամ մը հիմնուած սիրոյ վրայ` Աստուծոյ ու մերձաւորին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ սէր բարիին, ամէն մին իր աւանդութեան ու կրօնական համոզումներու հիման վրայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.