2017-01-26 10:43:00

''Պիտի վերականգնենք Մոսուլ քաղաք վերադառնալ փափաքող անձերու բնակարանները՝՝Սաքօ Պատրիարք


(Ռատիօ Վատիկան)Մոսուլ քաղաքի ազատագրման ի լուր, Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Վատիկանի Ռատիօ կայանի հետ ունեցած  է զրոյց մը ուր՝ իր մտահոգութիւնը յայտնած է,   աւելիք քան 750 քաղաքացիներու նկատմամբ ,որոնք տակաւին կ՝ապրին ժիհատիսթներուն կողմէ գրաւուած շրջաններուն մէջ։

Պատրիարքը Մոսուլի մէջ ներկայ կացութիւնը նկատած է բարդ ու դժուարին, որովհետեւ  քաղաքին ամբողջական ազատագրումին  համար հաւանական է  որ այլ  անթիւ զոհեր ունենալ։

Ան Յայտնած է կամքը այցելելու  Մոսուլ քաղաքէն 15 քմ հեռաւորութեան գտնուող  Ալ Նուր քաղաքի վերջերս ազատագրուած Սուրբ Հոգիի անուան եկեղեցին ուր պատանդ առնուած է Ռահօ Եպիսկոպոսը  եւ սպաննուած  Հայր Ռաղետը։ 

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու  նոր ընտրուած Թրամ նախագահին, Քաղդէցինլերուն Պատրիարքը յայտնած էթէ  Ինք մեծ վստահութիւն չունի, որովհետեւ ամէն  ինչ  արագ կը փոխուի եւ տեղեակ չէ  թէ ինչ կրնայ պատահիլ Իրաքի մէջ` Տահեշէն ետք։ Հարցերը պիտի չի փոխուին, այլ նոր հարցեր պիտի ծագին ըսած է Պատրիարքը ապա  խօսելով   Մոսուլ քաղաք  վերադառնալ փափաքող քրիստոնեաներու  մասին, Ան յայտնած է թէ իրենք` որպէս եկեղեցի պիտի սկսին կառուցել եւ վերականգնել բոլոր այն տուները որոնց սեփականատէրերը  կը փափաքին Մոսուլ վերադառանալ, ի մասնաւորի Մոսուլ քաղաքի հիւսիսային շրաջնը բնակող քրիտոսնեաներու բնակարանները։








All the contents on this site are copyrighted ©.