2017-01-24 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 24 Յունուարի քարոզը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 24 յունուարի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ օրուան Եբրայեցիներու ուղղուած նամակի ընթերցումին (Եբր Ժ. 1-10), ուր խօսելով զոհերու եւ Աստուծոյ կամքը կատարելու մասին, Պօղոս առաքեալ Յիսուսի բերնով կը յիշէ սաղմոսի խօսքերը՝ “Չուզեցիր, ո´չ զոհ եւ ո´չ ընծաներ, այլ մարմին մը տուիր ինծի. Ողջակէզներն ու մեղքերու փոխարէն զոհերը հաճելի չեղան քեզի, այն ատեն ես ըսի. Ահաւասիկ կու գամ, որովհետեւ իմ մասիս գրուած է Գրքին մէջ. Ո´վ Աստուած, եկած եմ քու կամքդ կատարելու” (Սղմ Խ. 7-9)։

Յիսուսի այս խօսքին մէջ, “Ահաւասիկ եկած եմ կամքդ կատարելու”, մեզի կը յայտնուի փրկագործութեան պատմութիւնը, ըսաւ Սրբազան Հայրը։ Երբ Ադամ մեղանչեց, վախցաւ եւ պահուըտեցաւ։ Այն ժամանակ Աստուած կը սկսի կանչել եւ կը լսէ այն բազմաթիւ այր մարդոց եւ կիներու պատասխանը, որոնք կ’ըսեն՝ “Ահաւասիկ եմ. տրամադրութեանդ տակ եմ. պատրաստ եմ կամքդ կատարելու։” Ասոնց կարգին են Աբրահամ, Մովսէս, Եղիա, Եսայի, Երեմիա, մինչեւ Աստուածածնի “Եղիցին” եւ Յիսուսի պատրաստակամութիւնը։

Աստուած երկխօսութեան մէջ կը մտնէ անոնց հետ, որոնք կը կոչէ։ Ասոր օրինակ մըն է Յոբի գիրքը, ուր Յոբ կը խօսակցի Աստուծոյ հետ՝ հարցնելով եւ պատճառաբանելով։

Ընթերցուածի խօսքերը մեզի առիթ կու տան խորհրդածելու թէ ինչպէ´ս է իմ պատրաստակամութեանս պատասխանը։ Արդեօ՞ք Ադամի նման կը թաքնուիմ, կամ Յովնան մարգարէի նման փախու՞ստ կու տամ, եւ կամ կ’ուզեմ այն երեւոյթը տալ՝ թէ պատրաստ եմ կատարելու Տիրոջ կամքը, սակայն պահելով մի´այն արտաքին երեւոյթը։

Աստուած մեզ կը կոչէ, մեզի կը խօսի ամէն օր եւ կը սպասէ մեր պատրաստակամութեան։ Սակայն մենք կրնանք Տիրոջ հետ խօսակցիլ, քննարկել եւ պատճառաբանել, գանգատիլ եւ բարկանալ։ Այս բոլորը աղօթք են։ Մինչ սխալ է թաքնուիլ, փախուստ տալ, կեղծել եւ հայեացքը թեքել։

Սրբազան Պապը փակեց իր քարոզը, ըսելով, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ պատասխանել թէ ո´րն է իր կեցուածքը՝ Աստուծոյ կամքը կատարելու պատրաստակամութեան մէջ։ “Թող Սուրբ Հոգին մեզի տայ շնորհքը՝ գտնելու պատասխանը։”








All the contents on this site are copyrighted ©.