2017-01-24 10:53:00

Մոնթրէալի մէջ աղօթքի երեկոյթ վասն քրիստոնեաներու միութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Մոնթրէալի Նարեկի Տիրամօր Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութեան հովիւ Հայր Գէորգ Ծ­. Վ. Զապարեան Ռատիովատկանի ուղղած մէկ հաղորդագրութեան մէջ  տեղեկացուց թէ. Քանատայի Մոնթրէալ քաղաքի մարոնի համայնքի սուրբ Անտոն Անապատականի նուիրուած վանքի եկեղեցիին մէջ, շաբաթ, 21 Յունուարի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ աղօթքի երեկոյ վասն քրիստոնեայ եկեղեցիներու միութեան:

Իրենց մասնակցութիւնը բերած էին շրջանի կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական եկեղեցիներուն հոգեւոր պետերն ու երգչախումբերը:

Վանքի մեծաւորին բացման խօսքէն ետք՝ փոխնիփոխ աղօթքներ բարձրացան զանազան լեզուներով՝ Աստուծմէ հայցելու համար եկեղեցիներու միութեան շնորհքը, որպէսզի իրականանայ Յիսուսին պաղատանքը առ Հայր թէ՝ «Թող մէկ ըլլան, որպէսզի աշխարհը հաւատայ»:

Աղօթքներն ընդմիջուեցան Սուրբ գրային ընթերցումներով, պաղատանքներով եւ յատկապէս երգչախումբերու եկեղեցական մեղեդիներու երգեցողութեամբ: Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ալեմշահ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Մայեսդրօ Համբարձում Անդունեանի, մեներգութեամբ Տիկին Էօժենի Մանուկեանի եւ նուագակցութեամբ Տիկին Նորա Քէթիպեան-Փիլոյեանի յատուկ փայլ մը աւելցուց երեկոյթի գեղեցկութեան վրայ՝ «Սուրբ սուրբ» եւ «Հայր մեր» երգերու հիանալի կատարումով:

Ուշագրաւ է, իրերայաջորդ ելոյթներու ընթացքին՝ հետզհետէ խաւաքարտի տուփերով բարձրացած պատը, որ լաւագոյնս արտայայտեց յաչս ներկայ հաւատացեալներուն, թէ եկեղեցիներու միութեան ցայսօր տակաւին արգելք կը մնայ՝ մեր անձնասիրութիւններուն, մեր շահերուն ու մեր մեղքերուն պատը: Այս պատը, սակայն, -ընդգծեց քարոզիչ եկեղեցականը- կրնայ փլիլ լոկ շնորհիւ Յիսուսի Սուրբ Խաչի զօրութեան եւ անկէ բխած սիրոյն: Ան, իր խօսքերը պատկերով արտայայտելու համար՝ հրաւիրեց խումբ մը երիտասարդներ խաւաքարտի տուփերով շինուած պատը քանդել՝ անոր տալով խաչաձեւ կերպարանք՝ որուն շուրջ հաւաքուեցան ներկայ եկեղեցականները՝ լուսաւոր մոմեր ի ձեռին: Պարզուած տեսարանը յուզիչ էր եւ իր խորհրդանշական իմաստը առինքնող:

Երեկոյթը փակուեցաւ Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ.-ի պահպանիչով: Ներկաները հիւրասիրուելէ ետք՝ վանքի սրահին մէջ, բաժնուեցան լաւագոյն տրամադրութիւններով: Բոլորն ալ լիայոյս են, որ աղօթքի նման հոգեպարար երեկոյթներ յաճախ կազմակերպուին մինչեւ որ հասնի այն օրը երբ բոլոր քրիստոնեաները մէկ ըլլան ու Սուրբ Պատարագը միասնաբար մատուցանեն:

Հայր Գէորգ Ծ­. Վ. Զապարեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.