2017-01-24 13:51:00

Հայաստան-Եւրոմիութիւն համաձայնագիրը պիտի ստորագրուի 2017-ին


Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փիօթըր Սուիթալսքին (Piotr Switalski) այսօր ըսած է, որ կան բոլոր նախադրեալները յառաջիկայ ամիսներուն Հայաստան-Եւրոմիութիիւն շրջանակային համաձայնագրի ստորագրման համար:

«Յստակ ամսաթիւ չեմ կրնար նշել, բայց հաշուի առնելով մինչեւ այս պահը եղած բանակցութիւններու ուժգին զարգացումը, կրնամ ըսել, որ 2017-ին համաձայնագիրը պիտի բերուի վերջնական տեսքի»,- ըստ “Մետիամաքս”-ի՝ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է ԵՄ դեսպանը:

Փիօթըր Սուիթալսքին ընդգծած է, որ բանակցութիւնները կ՛ընթանան բաւական արագ, սակայն կան «բաց խնդիրներ, որոնց լուծման համար անհրաժեշտ է ժամանակ»:

«Այդ խնդիրները կ՛արտայայտուին ոչ միայն Հայաստանի` ԵԱՏՄ-ին անդամակցելու փաստով, այլ նաեւ ԵՄ-ի կողմէ ներդրումներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ որոշ փոփոխութիւններով»,-ըսած է դեսպանը:

Խօսելով ընթացիկ տարուան ծրագիրներուն մասին` Փիօթըր Սուիթալսքին առանձնացուցած է հինգ առաջնահերթութիւններ, որոնք ԵՄ աջակցութեամբ պիտի իրականացուին Հայաստանի մէջ:

«Մենք մեր ներդրումը պիտի ունենանք ընտրական գործընթացի լաւ կազմակերպման, գործարար միջավայրի բարելաւման, փտածութեան դէմ պայքարի, մարդու իրաւունքներու եւ դատական համակարգի բարելաւման գործին»,- ըսած է Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.