2017-01-24 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 51-րդ օրուան պատգամը` ''Մի Վախնար...''


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի 24 Յունուար 2017-ի կէսօրին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ` յառաջիկայ 28 Մայիսին նշուելիք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 2017 տարուայ ընկերային հաղորդամիջոցներու միջազգային 51-րդ օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին, որուն բնաբանն է  ''Մի վախենար, որովհետեւ ես քեզ հետ եմ''(Եսայի 42,5) Յոյս ու վստահութիւն հաղորդել մեր ժամանակներուն''։ 

Պատգամին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը նկատել կու տայ թէ ինչպէս հաղորդակցութեան միջոցներու մատչելիութիւնը, ճարտարարուեստի զարգացումի բերումով, կարելի դարձուց որ բազմաթիւ մարդիկ կարենան լուրերը կիսել անմիջական կերպով, ու զանոնք շրջանառութեան մէջ դնել համատարած կերպով։ Այդ լուրերը կարող են գեղեցիկ ու գէշ կամ շիտակ եւ սուտ ըլլալ։

''Իմ այս պատգամովս կ՛ուզեմ քաջալերել բոլոր անոնք որոնք  ըլլայ մասնագիտական  ըլլայ անձնական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս, ամէն օր կը  ''մաղեն'' բազմաթիւ տեղեկութիւններ` անուշաբոյր ու համեղ հաց մը հրամցնելու բոլոր անոնց որոնք կը սնանին իրենց հաղորդակցութեան պտուղներէն'' կը գրէ Սրբազան Պապը խրախուսելով զարգացնել կառուցողական հաղորդակցութեան մը որ կը մերժէ ուրիշներու նկատմամբ նախապաշարումները ու կը յառաջացնէ հանդիպումի մշակոյթ մը` որուն շնորհիւ կարելի է վստահելի գիտակցութեամբ դիտել իրականութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա նկատել կու տայ թէ հաղորդակցութեան համակարգի մը մէջ, ուր կը գերիշխէ այն տրամաբանութիւնը թէ բարի լուրը առինքնող չէ ու թէ ցաւին ողբերգութիւնն ու չարին խորհուրդը աւելի դիտարժան են, ''կարող ենք իյնալ մեր խիղճը անզգայ դարձնելու փորձութեան մէջ ու մատնուիլ վհատութեան''։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Հայրը կը ներկայացնէ առաջարկներ բաց ու ստեղծագործ հաղորդակցութեան մը` որ միայն չարը դերակատար չի դարձներ այլ կը փորձէ նաեւ լուծումներ որոնել ու ''բարի լուրի'' տրամաբանութեամբ լուրեր ընծայել։

Մարդուն կեանքը պատմութիւն է կը գրէ  Սրբազան Քահանայապետը եւ այդ պատմութեան իրականութիւնը միայնակ նշանակութիւն չունի` այլ կախեալ է այն ''հայեացքէն'' որ կը դիտէ զայն եւ այն ''ակնոցներէն'' զոր կ՛ընտրենք որպէսզի նայինք անոր։ Մեզի քրիստոնեաներուս համար յարմար ակնոցներ կարող են ըլլալ ''բարի լուրի'' ակնոցները` մեկնելով  ''Յիսուս Քրիստոսի` Աստուծոյ Որդոյն Աւետարանէն'' որ մեծագոյն բարի լուրն է։

Յիսուսի բարի լուրը բարի է ոչ թէ որովհետեւ այնտեղ չկան տառապանք ու ցաւ այլ որովհետեւ այդ տառապանքը ապրուած է աւելի ընդարձակ շրջագիծի մէջ ու դարձած անբաժանելի մաս Յիսուսի սիրոյն` Հօր ու մարդկութեան նկատմամբ կը գրէ Հուսկ Սրբազան Հայրը շեշտը դնելով Եսայի մարգարէէն առնուած խօսքին վրայ. ''Մի Վախնար որովհետեւ ես քու հետդ եմ''։ Աոսնք մխիթարիչ խօսքերն են Աստուծոյ մը որ իր ժողովուրդի պատմութեան մաս կը կազմէ։ Իր Միածին որդոյն մէջ Աստուծոյ մարդկութեան տուած խոստումը կը դառնայ մեզի համար յոյս, յոյս մը որ յուսախաբ չի թողուր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը մեր սրտերը լիացուց ու նոր կեանք պարգեւեց։ Այս լուսարձակին տակ ամէն մէկ ողբերգութիւն որ կը պատահի աշխարհին մէջ, կարող է դառնալ ''բարի լուրի'' հնարաւոր տեսարան, որովհետեւ սէրը կարող է միշտ գտնել մօտիկութեան ճանապարհը ու հրահրել սրտեր որոնք կարող են յուզուիլ եւ դէմքեր որոնք կարող են չվհատիլ եւ ձեռքեր որոնք պատրաստ են միշտ կառուցելու։ 

Յիսուս յաճախ կը դիմէր առակներու` ուր Աստուծոյ Արքայութիւնը ներկայացուցած է որպէս սերմ որ իր կեանքի ուժը կը գտնէ այն ժամանակ երբ կը մեռնի հողին մէջ կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ընդգծելով թէ ''այս պատկերներուն ու փոխաբերական իմաստներու դիմելը` հաղորդելու համար Արքայութեան հզօրութիւնը, միջոց մը չէ նուազեցնելու հրատապութիւնն ու կարեւորութիւնը, այլ ողորմութեան ձեւ մըն է որ ունկնդրողին կ՛ընծայէ ազատութեան ''տարածք'', ընկալելու համար լուրը եւ իւրացնելու զայն''։

Սրբազան Քահանայապետը ապա հաստատելով թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը մեր մէջ է որպէս թաքուն սերմ մը`  կը նշէ թէ ան որ ունի`  Սուրբ Հոգիէն յստակ դարձած աչքեր կարող է տեսնել սերմին աճումը ու թոյլ չտալ որ Թագաւորութեան ուրախութիւնը յափշտակեն իրմէ` որոմի ներկայութեան պատճառաւ։

Աստուծոյ Թագաւորութեան սերմի վրայ յոյսը Սուրբ Զատկուայ տրամաբանութեան մէջ կարող է ձեւաւորել հաղորդելու մեր կարողութիւնը։ Եւ այս վստահութիւնը մեզ կարող կը դարձնէ գործելու այն համոզումով թէ կարելի է ըմբռնել եւ լուսաւորել ամէն մէկ իրականութեան, պատմութեան ու դիմագիծի ետին գտնուող բարի լուրը։

''Այն որ հաւատքով թոյլ կու տայ առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիէն կարող կը դառնայ զատորոշել ամէն մէկ իրադրութիւն, անոր մէջ տեսնելով փրկութեան պատմութիւնը, որուն հիմնական հիւսուածքը յոյսն է եւ զայն հիւսողը Սուրբ Հոգին է''  կը գրէ Ֆրանչիսոս Պապը պատգամի աւարտին հրաւէր ուղղելով միշտ վստահելու ու դիմելու Սուրբ Հոգիին որ կը յայտնուի կենդանի բազմաթիւ ''միջոցներու'' ու մարդոց միջոցաւ, որոնք առաջնորդուած են Բարի Լուրէն ու կը ներկայանան որպէս փարոսներ` այս աշխարհի խաւարին մէջ, լուսաւորելով երթը ու բանալով յոյսի եւ վստահութեան նոր ուղիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.