2017-01-24 08:56:00

Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական երկխօսութեան 14-րդ նիստ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յունուար 22-ին, Վատիկանի մէջ մեկնարկեց Կաթողիկէ-արեւելեան Ուղղափառ միջ-եկեղեցական երկխօսութեան միջազգային աստուածաբանական միացեալ յանձնախումբին տասնչորսերորդ նիստը, որուն աւարտը նախատեսուած է  Յունուար 28-ին:

Նիստի ընթացքին քննարկումի նիւթ կը հանդիսանայ ''Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը եւ Եկեղեցին''։ Միացեալ յանձնախումբի 26 անդամները պիտի քննարկեն երկու եկեղեցական ընտանիքներուն մէջ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին պատմական զարգացումը, ծիսական-աստուածաբանական առանձնայատկութիւնները եւ եկեղեցաբանական արտայայտումները:

Նիստերուն` յանուն Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Արհիապատիւ Պետրոս Արք Միրիաթեան` Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ, եւ Արհիապատիւ Լեւոն Եպիսկոպոս Չէքիեան` Թուրքիոյ հայ Կաթողիկէներու առաջնորրդ, իսկ  Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի անունով կը մասնակցին ԱՄՆ Հայոց Արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժինի տնօրէն` Հոգեշնորհ Տ. Շահէ Ծ. վարդապետ Անանեան ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն` Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան եւ Թեհրանի առաջնորդական փոխանորդ`Մակար Եպիսկոպոս Աշքարեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.