2017-01-23 10:45:00

''ՊՈՍՍԷՅ'' համամիութենական հաստատութեան 35 ուսանողներ կ՛այցելեն Ռատիօ Վատիկանը։


(Ռատիօ Վատիկան) 19-26 յունուար 2017, Զուիցերիոյ համամիութենական '’Պոսսէյ'' հաստատութեան 35 ուսանողներ, տարեկան ուսումնասիրական այցով ժամանած են Հռոմ։ Ուսանողները եկած են աշխարհի զանազան վայրերէն ու կը պատկանին քրիստոնեայ զանազան յարանուանութիւններու։

Իրենց կեցութեան ընթացքին, չորեքշաբթի 25 Յունուարին, անոնք առիթը կ՛ունենան մասնակցելու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած` Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ եզրափակիչ արարողութեան, անոնք ապա կ՛այցելեն Վատիկանեան վերին իշխանութեան զանազան կառոյցներ հանդիպումներ ունենալով այդ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Երեքշաբթի  24 Յունուարին ուսանողները կ՛այցելն նաեւ Ռատիօ Վատիկանը։ Սոյն այցելութիւններու նպատակն է մօտէն ճանչցնել Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի իրականութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.