2017-01-23 12:10:00

Եկեղեցական գիտելիքներ Յայտնութեան Բ. Շաբաթ (22-29 Յունուար 2017)


Կիրակի օրուայ  Աետարանին մէջ   Յիսուսի կը խօսի երկնքի արքայութեան մասին. ՜՜Ոչ ոք երկինք ելաւ  այլ միայն ան որ իջաւ  երկինքէն, Մարդու որդին որ  երկինքն է՝՝։

Աւետարանը կը յայտնէ նաեւ  թէ՝ Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն մարդ որ հաւատայ անոր, չկորսուի այլ  ընդունի ՜՜Յաւիտենական Կեանքը՝՝։  Աւետարանը նաեւ կը խօսի լոյսի ու խաւարի մասին,շեշտը դնելով ճշմարտութեան կարեւորութեան վրայ, ՜՜ան  որ ճշմարտութիւնը կը գործէ լոյսին կու գայ որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծմով եղած են՝՝։

Երկուշաբթի  23 Յունուարին` տօնն է մեր հայազգի մեծ սուրբերէն` Սուրբ Վահան Գողթնացիի ։ Ան փոքր տարիքին` գերի բռնուեցաւ Արաբներու կողմէ 707 թուին եւ Դամասկոս տարուեցաւ, ուր մեծցաւ Խալիֆայի պալատին մէջ եւ դարձաւ դիւանապետ։ Շատ սիրուեցաւ իր շրջապատէն. Սակայն երբ նոր խալիֆա մը եկաւ եւ արտօնեց որ բոլոր հայ գերիները դառնան իրենց տուները, ինք եւս մեկնեցաւ Հայաստան եւ հոն` ճանչնալով քրիստոնէութիւնը, դարձի եկաւ ու մկրտուեցաւ. Ամուսնացաւ ու զաւակներ ունեցաւ, բայց որովհետեւ խօսք տուած էր խալիֆային վերադառնալ Դամասկոս, ետ դարձաւ Սուրիա եւ մերժելով ուրանալ քրիստոնէութիւնը, նահատակուեցաւ, այսպէսով արժանանալով իր հօրը` Խոսրովի մարտիրոսական պսակին, 737 թուին։

Երեքշաբթի  24 Յունուարին, տօնն է Աղեքսանդրիոյ Եկեղեցեւոյ երկու մեծ հայրապետներու. Սուրբ Աթանասի եւ Սուրբ Կիւրեղի։ Աթանաս ծնած է Աղեքսանդրիա 295 թուին։ Փոքր հասակէն տեղւոյն եպիսկոպոսը կ՛առնէ զինք իր հովանաւորութեան տակ եւ շուտով կը դառնայ եկեղեցւոյ գլխաւոր սիւներէն մին, իր փարումովը Սուրբ Երրորդութեան ճշմարիտ հաւատքին։ 326-ին կ՛ըլլայ հայրապետ Աղեքսանդրիոյ. Բազմիցս կը հալածուի ու կ՛աքսորուի Արիոսի դէմ իր մղած անտեղիտալի պայքարին պատճառաւ։ Կը վախճանի 373-ին, Աղեքսանդրիա։ Իսկ Կիւրեղ ծնած է դարձեալ Աղեքսանդրիա 375-ին. Հետագային կը դառնայ ինք եւս հայրապետ Աղեքսանդրիոյ 412-ին, կը նախագահէ Եփեսոսի տիեզերական ժողովին (431ին) ուր դատապարտել կու տայ Նեստորը, հաստատելով միութիւնը Քրիստոսի մէջ. Կը վախճանի 444-ին, Աղեքսանրիա։

24 Յունուարին ` տօնն է նաեւ Սուրբ Գրիգոր Նազիանզացիի, որ ճանչցուած է նաեւ որպէս Աստուածաբան անունով, իր բարձր մակարդակի հոգեւոր կրթութեան պատճառաւ։ Ծնած է 330-ին, Արիանզ գիւղը եւ բաւական ուսումներ ստանալէ ետք` 371-ին կը ձեռնադրուի Եպիսկոպոս Նազիանզի. Կ՛որոշուի նաեւ պատրիարք Կ.Պոլսոյ, սակայն իր դէմ լարուած հակառակութիւններուն պատճառով` կը հրաժարի եւ կը քաշուի իր քաղաքը, ուր եւ կը վախճանի 390 թուին։

Հինգշաբթի 26  Յունուարին` կը տօնենք Սուրբ Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետը։ Ոմանք զինք հայ կը կարծեն ծագումով, սակայն որեւէ փաստ չկայ այդ ուղղութեամբ. Նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով, մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար։ Հալածանքներու ժամանակ, ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա, շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի. Կը մարտիրոսանայ 316 թուին։

Նոյն օրը կը տօնենք Ոնեսիմոս, Պօղոս առաքեալի աշակերտներէն մին, որուն մասին վկայութիւն տուած է առաքեալը, Փիլեմոնի ուղղած իր թուղթին մէջ։ Կը տօնուի նաեւ Սուրբ Սեղբեստրոս Հռոմի հայրապետի տօնը, թէեւ արդէն տօնուած էր Դեկտեմբերի մէջ, պարզապէս տօնացոյցի պատշաճեցման համար։

Շաբաթ  28 Յունուարին` տօնն է   Գորդիոս  վկային, Պօղիկտոսի եւ Գրիգորիսի ինչպէս նաեւ  Տրիփոն ճգնաւորին, ժամանակակից Ս. Գրիգոր Սքանչելագործի, որ մանկութեան հասակէն իսկ մեծ մարդասիրութիւն ցոյց կու տար հանդէպ հիւանդներուն եւ աղքատներուն։ Դեկոս կայսեր օրով, կը բռնուի եւ բազմաթիւ չարչարանքներէ ետք` կը գլխատուի իր հաւտաքին մէջ հաստատուն մանալուն համար։

Կիրակի 29 Յունուարը՝  Գ. Կիրակին է Զկնի Յայտնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.