2017-01-21 10:21:00

Թրամփ պաշտօնապէս ստանձնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը


Երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած երդման արարողութենէն ետք, Տանըլտ Թրամփ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու 45-րդ նախագահը: Ան իր երդումը կատարեց երկու Աստուածաշունչի վրայ: Առաջինը` իր մանկութենէն ի վեր իրեն պատկանող, իսկ երկրորդը` 1861¬ին Ապրահամ Լինքընի նախագահական երդման արարողութեան ընթացքին օգտագործուած: Երդման արարողութեան ներկայ էին նախկին նախագահներ Ճիմի Քարթըր, Ճորճ Ու.Պուշ եւ Պարաք Օպամա:

Իբրեւ նախագահ իր արտասանած առաջին ճառին մէջ Թրամփ յայտարարեց. «Այսուհետեւ նոր տեսլական մը պիտի կառավարէ մեր երկիրը, այսուհետեւ միայն «նախ Ամերիկան, նախ Ամերիկան» պիտի ըլլայ»:

«Ազգային նոր հպարտութիւն մը պիտի ալեկոծէ մեր հոգիները, մեր նայուածքները վեր բարձրացնէ եւ դարմանէ մեր պառակտումը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ամերիկացիք սեւամորթ ըլլան, թէ սպիտակամորթ, հայրենասէրներու նոյն կարմիր արիւնը կը թափեն:

«Յառաջիկայ տարիներուն միասնաբար Ամերիկայի եւ աշխարհի ճակատագիրը պիտի ճշդենք», ըսաւ Թրամփ` աւելցնելով. «Այլ երկիրներու սահմանները պաշտպանեցինք, սակայն ոչ մեր սահմանները»:

Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը յայտնեց, որ պիտի ձգտի աշխարհի երկիրներուն հետ բարեկամութիւն հաստատել, սակայն աւելցուց. «Իր շահերը առաջնահերթ նկատելը իւրաքանչիւր երկրի իրաւունքն է»:

«Պիտի ամրապնդենք հին դաշինքները, նոր դաշինքներ հաստատենք եւ քաղաքակիրթ աշխարհը միացնենք ծայրայեղ իսլամական ահաբեկչութեան դէմ, զոր ամբողջովին պիտի բնաջնջենք աշխարհի երեսէն», ըսաւ Թրամփ` ընդգծելով. «Ոչ ոք կրնայ միացեալ Ամերիկայի դիմաց կանգնիլ, եւ կարիք չկայ վախնալու»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին նախագահ Օպամայի փոխանցման հոլովոյթը դիւրացնելուն համար:

Արարողութեան ընթացքին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցան Թրամփի նախագահութիւնը մերժող ցոյցեր եւ բախումներ:

Մէկ օր առաջ, քանի մը հազար մարդիկ մասնակցեցան Նիւ Եորքի մէջ Թրամփի դէմ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին: Մանհաթընի «Թրամփ Թաուըր» երկնաքերին մօտ խօսքեր արտասանեցին Նիւ Եորքի քաղաքապետ Պիլ տէ Պլազիօ, ականաւոր քարոզիչ Ալֆրետ Շարփթըն, բեմադրիչ Մայքըլ Մուր, դերասաններ Ռապըրթ տը Նիրօ, Ալեք Պոլտուին եւ Մարք Ռուֆալօ:

Առաջին խօսք արտասանողը եղաւ «Օսքար»-ի կրկնակի դափնեկիր տը Նիրօ, որ Թրամփը նկատեց «վատ օրինակ ամբողջ երկրին եւ այս քաղաքին համար»: «Ֆերնհայթ 9/11» յայտնի շարժանկարը ստեղծող Մուր զգուշացուց. «Ամերիկան իր պատմութեան մէջ չափազանց վտանգաւոր շրջան կ՛ապրի»: «Ամէն ինչ այնքան վատ է, որքան ձեզի կը թուի: Սակայն պիտի ըլլայ աւելի վատ», զգուշացուց բեմադրիչը:

«Այս երեկոյ մենք հաւաքուած ենք պաշտպանելու մեր բոլորին համար թանկարժէք բան մը: Եւ ատիկա մեզմէ իւրաքանչիւրն է», նշած է դերասան Ռուֆալօ: Անոր միացած են նաեւ դերասանուհիներ Ճուլիան Սուր, Մարիսա Թոմէյ եւ Շէյլին Վուտլի:

Անցեալ շաբաթավերջին նոյնպիսի ցոյցեր տեղի ունեցան ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.