2017-01-20 09:46:00

Պաղեստինի նախագահը Բեթղէհէմի մԷջ մասնակցած է Հայ եկեղեցւոյ Սուրբ Ծննդեան Տօնին


Յունուար 18-ին Պաղեստինի նախահագ Մահմուտ Ապասը մասնակցած է Բեթղէհէմի Ծննդեան Տաճարի Սուրբ Այրիին մէջ կատարուող Հայ եկեղեցւոյ կողմէ նշուող Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին:

«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Մահմուտ Ապաս մասնակցած է նաեւ տօնին առթիւ նախօրօք Ծննդեան Տաճարի Հայոց Վանքին մէջ Երուսաղէմի Հայ Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի կողմէ տրուած հիւրասիրութեան, որուն ընթացքին նախ Պատրիարք Սրբազանը ողջունած է Ապասի ներկայութիւնը, որմէ ետք Պաղեստինի Նախագահը շնորհաւորած է Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը եւ Սուրբ Երկրի հայերը` Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնին առթիւ:

Աւելցնենք, որ Սուրբ երկրին մէջ Հայ Եկեղեցին Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածյայտնութեան տօնը կը նշէ Յունուար 18/19-ին








All the contents on this site are copyrighted ©.