2017-01-20 08:35:00

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գործադիր վարչութեան ժողովը Լիբանանի մէջ։


16-17 յունուար 2017-ին, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի Գործադիր վարչութեան ժողովը իր անդրանիկ նիստը գումարեց Լիբանանի Աւետարանական եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ դոկտ. Ժան Սալմանեան մինչ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը կը ներկայացներ Հալէպի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ. Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան։Ժողովականները երկու օրուան վրայ տարուած աշխատանքով քննարկեցին Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի կառոյցին եւ առաքելութեան հետ կապուած հարցերը, որոնք փոխանցուած էին սեպտեմբեր 2016-ին Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցած 11-րդ համաժողովին կողմէ: Ընդհանուր քարտուղար դոկտ. հայր Միշէլ Ժալըխ խորհուրդի վերջին չորս ամիսներու գործունէութեան մասին իր տեղեկագիրը ներկայացուց: Ապա, ժողովականները լայնօրէն քննարկեցին խորհուրդի ծրագրային, վարչական, տնտեսական ու յարաբերական երեսներուն առնչուած շարք մը հարցեր եւ որդեգրեցին համապատասխան որոշումներ:

Քաղուած ''Ազդակ''-էն








All the contents on this site are copyrighted ©.