2017-01-20 08:43:00

''Սուրբ Երկրի համակարգում'' Եպիսկոպոսներու այցելութիւնը Սուրբ Երկրին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յունուար 14-19, Եւրոպայի Միութենէն, ԱՄՆէն, Քանատայէն եւ Հարաւային Ափրիկէէն, ''Սուրբ Երկրի համակարգում''  12 եպիսկոպոսներ այցելած են Սուրբ Երկիր։ Անոնք, Կրօնական Տեղեկատուութեան Ծառայութեան ուղարկուած հաղորդագրութեամբ մը անդրադարձած են երկրի վիճակին, ուր կը նկատեն, թէ ''թէ՛ պաղեստինցիներու եւ թէ՛ իսրայէլացիներու մարդկային արժանապատուութիւնը բռնաբարուած է'' ապա կը հաստատեց թէ  ''Սա գայթակղութիւն մըն է, որուն պէտք չէ յարմարինք'' ։ 

Արդէն 50 տարիներէ ի վեր Այսր-Յորդանան եւ Արեւելեան Երուսաղէմը կը մնան բռնագրաւուած, եւ Կազան շրջափակուած։

Եպիսկոպոսները` իրենց կեցութեան ընթացքին այցելած են Կազա, Եաֆֆա, Բեթղեհեմ, Երուսաղէմ եւ Հեպրոն՝ Սուրբ Երկրի ժողովուրդին ցուցաբերելու համար իրենց զօրակցութիւնը։ Տեղեկատուութեան մէջ կը յիշեն, թէ ''Սուրբ Երկրի տարածքին, բազմաթիւ անհատներ իրենց ամբողջ կեանքը անցուցած են բռնագրաւումի տակ, սակայն տակաւին կը յուսան եւ կը պայքարին ի նպաստ հաշտութեան։ Այսօր, առաւել քան երբեք, անոնք արժանի են մեր զօրակցութեան'' կը գրեն հուսկ Եպիսկոպոսները ու կը շեշտեն իրենց՝ բնակարաններ կառուցելու յանձնառութիւնը։ Անոնք կը քաջալերեն ապա խաղաղ դիմադրութիւնը Կազայի մէջ։

Ըստ եպիսկոպոսներուն, խաղաղ դիմադրութիւնը մեծ փոփոխութիւններ յառաջ բերած է ամբողջ աշխարհի վրայ։ Անոնք կը նկատեն, թէ մասնաւոր կարեւորութիւն ունի դիմագրաւել կատարուած անարդարութիւնը՝ պատնէշի անվերջ կառուցումը, որ կը բաժնէ պաղեստինցիներու երկիրը, ներառեալ Քրեմիսանի ձորը։

Եպիսկոպոսները կոչ կ՛ուղղեն աղօթելու, որպէս զի Սուրբ Երկրին մէջ տիրէ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն. եւ կոչ կʼուղղեն, որ հաւատացեալներ իբր ուխտաւոր այցելեն Սուրբ Երկիր, ցուցաբերելով իրենց զօրակցութիւնը տառապող ժողովուրդին։

Վերջապէս, տեղեկատուութեան մէջ կը ներկայացուի, թէ ինչքան տագնապալի է Սուրբ Երկրին վիճակը, ուր պաղեստինցիներ կʼապրին ճնշուած, իսկ իսրայէլացիներ վախի մէջ։ Տեղեկատուութիւնը ոչ միայն քաղաքական նշանակութիւն ունի – յիշելով զինուորական բռնագրաւումը, բնակութիւններու բռնի հաստատումը, երկու պետութիւններու լուծումը եւն., այլ անոր նպատակը հիմնականին եկեղեցական է՝ հաստատել արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քրիստոնեայ, իսլամ եւ հրեայ ժողովուրդներու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.