2017-01-18 11:38:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Վստահութիւն ունենալ     

Վստահութիւն ունենալու խնդիրը միշտ ալ մտահոգած է մարդկային ընկերութիւնը:

Մտածելով կեանքին պարզած դժուարութիւններուն ու անակնկալներուն մասին, մարդիկ այս կամ այն չափով նախապատրաստութիւն կը տեսնեն: Անոնք կը փնտռեն վստահելի անձ մը եւ նոյնիսկ այնպէս կը պատկերացնեն, թէ ունին այդպիսի անձ մը իրենց շրջապատին մէջ, որուն կրնան դիմել նեղ կացութեանց մէջ, առաջքը առնելու համար չկանխատեսուած դժուարութիւններու: Սա աւելի կը դիւրացնէ մարդոց կեանքը այս երկրի վրայ: Այլապէս, իրարու հանդէպ վստահութեան չգոյութեամբ կեանքը շատ աւելի տխուր պիտի ըլլար, եւ աշխարհը շատ աւելի անբնակելի միջավայրի մը վերածուած:

Վստահութեան հարցերը կը տարբերին իրարմէ եւ անոնց համապատասխան ձեւով ալ վերաբերում կը ճշդուի մարդուն կողմէ, անոնցմէ իւրաքանչիւրին նկատմամբ: Այսպէս՝ գործի մէջ վստահութեան հարց, ամուսնութեան պարագային հաւատարմութեան՝ փոխադարձ վստահութեան խնդիր, նիւթական ինչքերու մատակարարման կամ տնտեսական հարցերու յանձանձման խնդիր եւ այլ կալուածներու եւ բնագաւառներու մէջ իրարու վստահելու հարցեր:

Շնչաւոր էակ մը կամ այս պարագային մարդ արարածը ուրիշին վստահելու հարցին մէջ ինչքա՜ն զգուշութեամբ կը վարուին մարդիկ: Այսպէս, աշխատող ծնողներ, յատկապէս մայրեր, իրենց անչափահաս զաւակները ինչքա՜ն մտահոգութեամբ ու վախով առաջին անգամ կը յանձնեն մանկամսուրներու խնամատարներուն, բազմապիսի թելադրութիւններ ու երբեմն ալ խոստումներ կատարելով անոնց, որպէսզի լաւ վերաբերում ցոյց տան իրենց հոգեհատորներուն: Նոյնը կարելի է նկատել չափահասներու պարագային եւս: Այսպէս օրինակ, երբ չափահաս հիւանդ մը գիշեր ատեն առանձին պիտի մնայ հիւանդանոցի իր սենեակին մէջ, անոր հարազատները ինչքա՜ն մանրամասն թելադրութիւններ կը կատարեն հիւանդապահուհիներուն՝ աւելի ուշադիր ըլլալու անոր զանգի կանչերուն եւ ի պահանջել հարկին՝ բժիշկին իմաց տալու զոյգ պատուէրներով:

Աշխատանքի պարագային վստահութիւնը ամէնէն աւելի տարածուած տեսակն է, որովհետեւ կարելի չէ բոլոր աշխատանքները մէկ անձի վրայ կեդրոնացնել: Ուրեմն՝ ամէնէն աւելի այս կալուածէն ներս պէտք է վստահիլ իրարու: Մարդիկ պարտաւոր են անպայման գործընկերներ ունենալու: Ինչքան ալ ինքնավստահ ըլլան, կամ ինչպիսի մեծ կարողութեան տէր ալ ըլլան, մարդիկ դարձեալ պէտք ունին օժանդակող ձեռքերու, ամբողջութեամբ կարենալ իրագործելու համար իրենց առաջադրած նպատակները:

Ապահովական պատճառներով, պետութիւններ խիստ միջոցներու դիմած են յատկապէս իրենց սահմանային գօտիներուն եւ անցքերուն վրայ, ինչպէս՝ օդակայան, նաւահանգիստ եւ ցամաքային սահմաններ:

Մարդ էակը ուրիշին նկատմամբ վստահութիւն ունենալու առաքինութիւնը Աստուծմէ՛ պէտք է սորված ըլլայ: Արարիչը ըլլալով այս ամբողջ տիեզերքին, Աստուած ի՛նք իր գործին շարունակութիւնը վստահեցաւ մարդոց: Իւրաքանչիւր մանուկի լոյս աշխարհ գալը Աստուծոյ գործին շարունակութիւնը չէ՞ միթէ, զոր Ան մարդուն վստահեցաւ արարչագործութենէն անմիջապէս ետք: Արարիչ Հօր օրինակով, Աստուածորդին ի՛նք ալ իր առաքելութեան շարունակութիւնը իր կողմէ ընտրեալ մարդոց չվստահեցա՞ւ, զորս աշակերտներ կոչեց, եւ որոնք հետագային դարձան իր բարի լուրը տարածող առաքեալները:

Դո՞ւն ինչու չե՛ս կրնար վստահիլ մէկու մը: Ուրիշներու նկատմամբ ունեցած վստահութեան պակասդ քու տկարութի՛ւնդ ցոյց կու տայ ամէն բանէ առաջ: Մինչ ցուցաբերելիք վստահութիւնդ քու եւ ուրիշներու գործը յառաջ պիտի տանի մեծ ոստումներով: Բնականաբար թերութիւններ պիտի ըլլան, սխալներ պիտի սպրդին, սակայն համեմատաբար կասկածամտութեան ստեղծած անվստահելի մթնոլորտին, վստահութիւնը աւելի՛ շինիչ պիտի ըլլայ, նաեւ՝ ուսուցողական ու դաստիարակիչ…: Փորձէ՛վստահիլ …:








All the contents on this site are copyrighted ©.