2017-01-17 09:35:00

Յիսուսի սէրը մեզմէ կը պահանջէ հաշտութիւնը (2 Կորնթ. 5, 11)


Ամէն տարի յունուար 18-25-ի շաբաթը կը յատկացուի քրիստոնեաներու միութեան համար  աղօթքի։  Այս տարի, քրիստոնեաներու միութեան համար աղօթքի շաբթուան նիւթն է  «Յիսուսի սէրը մեզմէ կը պահանջէ հաշտութիւն»։ Այս սիրով Յիսուս զոհելով ինքզինք հասաւ մինչեւ Խաչ՝ աշխարհիս ժողովուրդը փրկելու համար։ Քրիստոս մեզ հաշտեցուց իր հօր՝ Հայր Աստուծոյ հետ , որպէսզի Սուրբ Հոգիին համաձայն դառնանք բաժնեկից իրեն եւ առնենք  որդեգրութեան հոգին, որով կը կոչենք «Աբբա Հայր», որովհետեւ տակաւին հոգին չկար, քանի որ Քրիստոս դեռ չէր փառաւորուած։

Աստուծոյ հետ հաշտութիւնը մեզ կը մղէ, որպէս Աստուծոյ հաւատացեալներ, հաշտութեան մեր միջեւ, որովհետեւ որքան որ մենք կարենանք մեր Փրկչին հետ հաշտուիլ այնքան պիտի կարենանք հաշտուիլ մեր եղբօր  եւ ընկերոջ հետ։

Իր «Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ» Հովուական Թուղթին մէջ, Բենեդիկտոս ԺԶ. կը գրէ. «Ամէն բանէ առաջ մենք աւելի զօրաւոր կերպով պէտք է դառնանք նոյնինքն Յիսուսին որ իր զոհաբերութեամբ Խաչին վրայ՝ մեզի տուաւ Աստուծոյ հետ հաշտութեան շնորհքը եւ այն որ ընդունի այդ հաշտութիւնը՝ ինքզինք ազատ զգալով կ’ապրի ոչ ինքն իրեն համար, այլ անոր համար որ իրեն համար մեռաւ եւ այս կերպով կը դառնայ այն հաւատացեալը, որ դիւրաւ կ’ընդունի Աստուծոյ կամքը որ մեզմէ, բոլորէս կը պահանջէ  «մէկ» ըլլալ»։

Էօքիւմենիք  կեանքը հիմնուած է հաշտութեան վրայ։ Այսպէսով մեր դիմաց դնելով սիրեցեալ Քրիստոսը, կը զգանք կարեւորութիւնը եւ պարտականութիւնը իրարու քով գալու, իրարու միանալու այն սիրոյ ճշմարտութեամբ որուն մէջ կը տեսնենք Քրիստոսը Խաչին վրայ։ Սէրը հաշտութեան եւ միութեան ճանապարհն է։

Բոլոր քրիստոնեաներս կը սիրենք Քրիստոսը որ մեզի նոր կեանք մը տուաւ։ Այդ սէրը հրաւէր մըն է մեզի եւ Եկեղեցւոյ բոլոր ղեկավարներուն որ զիրար աւելի սիրենք, ինչպէս  որ Քրիստոս մեզ սիրեց։ Այս սիրով եւ միութեամբ կարող ենք մեր մտքին ու հոգեւոր սահմանները քանդել եւ  հասնիլ ընդհանուր ու բոլորի միութեան։

2017 տարին կը զուգադիպի Եկեղեցւոյ բաժանումի 500-րդ տարւոյն, որուն ընթացքին Եւրոպայի Եկեղեցին բաժանումի օրեր անցուց եւ ասիկա այնուհետեւ տարածուեցաւ աշխարհի տարբեր շրջաններ՝ կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու միջեւ։  Եկեղեցին մեծ ջանքեր թափեց վերամիանալու ուղղութեամբ եւ այժմ ժամանակն է վերանորոգելու մեր եղբայրական սէրը ու յարգանքը եւ աշխատելու միասնաբար էօքիւմենիք հոգիով՝ մեր աչքին առջեւ ունենալով Յիսուսի խնդրանքը որ մեզմէ կը պահանջէ զիրար սիրել եւ մի ըլլալ։

Աղօթենք Աստուծոյ եւ Սուրբ Հոգիին որպէսզի մեզի շնորհեն  զիրար սիրելու եւ հաշտութեան մասին մտածելու ուժը, որպէսզի ըլլանք իսկական աշակերտները եւ հաւատացեալները Քրիստոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.