2017-01-17 09:55:00

Կարդինալ Պարպարէն. ''Ողորմութեան Տարւոյն հոգեւոր պտուղները անհամար են''։


(Ռատիօ Վատիկան) 16-24 Յունուար`  Ֆիլիփինեան կղզիներու մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ տեղի կ՛ունենայ  ''Ողորմութեան Դ համաշխարհային համագումարը'', զոր կը գլխաւորէ Լիոնի Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Ֆիլիփ Պարպարէնը­, որպէս Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ։

Հռոմի մէջ 2008-ի տեղի ունեցող Ողորմութեան Ա համաշխարհային համագումարէն ետք, երկրորդը տեղի ունեցաւ Քրաքովիայի մէջ` 2011-ին, հուսկ Պոկոթայի մէջ` 2014-ին։ Ասիական ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող այս չորրորդ համագումարին կեդրոնական նիւթն  է հաղորդութիւնն ու առաքելութիւնը։

Այս առթիւ մամուլին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Կարդինալ Պարպարէն յայտնած է թէ ողորմութեան յոբելենական տարուան պարգեւած հոգեւոր  պտուղները սքանչելի ու անհամար են ու թէ այդ սուրբ տարին նշելով բազմաթիւ հաւատացեալներ աւելիով կարողացան ըմբռնել ողորմութեան իմաստը ու Աստուծոյ մարդոց նկատմամբ ցուցաբերած անհուն ողորմութեան գեղեցկութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.