2017-01-16 09:39:00

Ամենապատիւ Գրիգոր Պետրոս Ի. Հոգեւոր Տէրը այցելեց Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին։


Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի․ Կաթողիկոս Պատրիարքը, ընկերակցութեամբ կաթողիկէ Հայոց Հալէպի Թեմի Առաջնորդ Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպս․ Միրիաթեանի, Պէյրութի Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Արհի․ Գէորգ Ասատուրեանի, Արհի․ Մանուէլ Եպիսկ․ Պաթագեանի եւ Զմմառու Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր Գերապայծառ Գաբրիէլ Թ․Ծ․Վ․Մուրատեանի, Շաբաթ, 14 Յունուար 2017-ի առաւօտուն այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա․ Կաթողիկոսին։ Հանդիպումին ներկայ էին Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան՝ Առաջնորդ Թեհրանի Հայոց Թեմի, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան՝ Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմի, Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախ շնորհաւորեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր Սուրիա կատարած օրհնաբեր այցելութեան համար, ապա իր եւ հայ կաթողիկէ համայնքին ամբողջական զօրակցութիւնը եւ մասնակցութիւնը յայտնեց Հալէպի վերականգնումին եւ վերաշինութեան գծով։
Ապա, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեան եւ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Պետրոս Արք. Միրիաթեան իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Հալէպ կատարած իր գօտեպնդող այցելութեան համար, եւ խօսեցան Նորին Սրբութեան վերականգնումի կոչէն բղխող գործնական առաջարկներու եւ կատարուելիք աշխատանքներուն մասին:
Թէ՛ Վեհափառ Հայրապետը եւ թէ՛ Հոգեւոր Տէրը իրենց լաւատես ու դրական հեռանկարները պարզեցին Հալէպի վերականգնումին ու վերաշինութեան գծով եւ շեշտեցին բարեսիրական միութիւններու օժանդակութիւնը ապահովելու հրամայականը ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպի վերաշինութեան համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.