2017-01-14 08:38:00

Գաղթականներու եւ փախստականներու 103-րդ միջազգային օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Անչափահաս փախստականներ,  խոցելի եւ առանց ձայնի՝՝ այս է 2017-ի Գաղթականներու եւ փախստականներու 103-րդ միջազգային օրուան բնաբանը։ Օրը ընդհանրապէս կը նշուի Աստուածայայտնութեան տօնին յաջորդող երկրորդ կիրակին։

Օրը հաստատուած է 1914-ին, ''ցաւն ու մտահոգութիւնը'' շրջաբերական թուղթի հրատարակումով, որուն մէջ առաջին անգամուան համար առաջարկուած է գաղթականութեան երեւոյթին նուիրելու միջազգային օր մը ու կազմակերպելու դրամահաւաք սատարելու համար գաղթականութեան հովուական խնամակալութեան առաքելութեան եւ արտագաղթի հարցով զբաղող միսիոնարներու կազմաւորման։

1915-ի 21 փետրուարին նշուեցաւ Գաղթականի եւ փախստականի առաջին համաշխարհային օրը։

՝՝Անչափահաս փախստականներ,  խոցելի եւ առանց ձայնի՝՝բնաբանով Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուզէ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել փոքրերու միջեւ ամենափոքրերուն վրայ ու յատկապէս այն գաղթական մանուկներուն վրայ որոնք զիրենք հիւրընկալող երկիրներ կը հասնին առանձին ու կարող չեն իրենց ձայնը լսելի դարձնել յաճախ թիրախ դառնալով բռնութիւններուն, չարաշահումներուն ու մարդկային իրաւունքի օրէնքներու խախտումներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.