2017-01-14 09:30:00

Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Պապական նուիրակը


Ուրբաթ, 13 յունուար 2017-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա եպիսկոպոսը: Պապական նուիրակը եկած էր Ֆրանչիսկոս պապին անունով վեհափառ հայրապետին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը շնորհաւորելու եւ յանձնելու պապին շնորհաւորագիրը:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ անդրադառնալու յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած շարք մը հարցերուն` վերջին շրջանին տեղի ունեցած նոր զարգացումներուն լոյսին տակ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց Վատիկանի դերը Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներուն զօրակցութեան շրջագիծին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.