2017-01-13 12:00:00

''Երիտասարդներուն'' հայող ԺԴ սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթի ներկայացում։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 13 յունուար 2017-ի կէսօրին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայացումը կատարուեցաւ 2018-ի հոկտեմբեր ամսոյն մէջ նախատեսուած, Երիտասարդներուն հայող Եպիսկոպոսներու ԺԴ սովորական սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթին։

''Երիտասարդները, հաւատքը եւ կոչումի զատորոշումը'' նիւթով վերոնշեալ սիւնհոդոսով Եկեղեցին կ՛ուզէ ինքզինք հարցաքննել ու քննարկել թէ ինչպէս կարելի է ընկերանալ երիտասարդներուն` որպէսզի անոնք կարենան ճանչնալ եւ ընկալել սիրոյ ու կեանքի լիութեան կոչումը, միեւնոյն ատեն Եկեղեցին կը հրաւիրէ երիտասարդները սատարելու եւ օգնելու Եկեղեցին`  բացայայտելու նոր ուղիներ,Բարի Լուրը հաղորդելու համար։

Երիտասարդներուն ընդմէջէն  Եկեղեցին կրնայ ունկնդրել Տիրոջ ձայնը որ այսօր եւս կը հնչէ։

Եպիսկոպոսներու ԺԴ սովորական սիւնհոդոսի նախապատրաստական փաստաթուղթը կ՛առաջարկէ երեք հանգրուաններով խորհրդածութիւն մը սկսեալ աշխարհի ներկայ ընկեր-մշակութային ոլորտի քննարկումէն, ուր երիտասարդները կ՛ապրին եւ կը կազմեն իրենց որոշումները, անցնելու զատորոշումի հիմնական ընթացքին որ է ուղին զոր Եկեղեցին կ՛ուզէ առաջարկել երիտասարդներուն, հաւատքի լոյսին տակ վերագտնելու համար անձնական կոչումը։ Ապա վերջին փուլով կը քննարկուին երիտասարդական կոչումին հովուական խնամակալութեան հարցերը։

 

Որպէս երիտասարդներու տիպար, նախապատրաստական փաստաթուղթին մէջ առաջարկուած է Սուրբ Յովհաննէսը` այն առաքեալը զոր ''Տէրը շատ կը սիրեր'' եւ որ անվերապահ կերպով կ՛որոշէ հետեւել Յիսուսին, նոյնիսկ մինչեւ խաչ։

Վերոնշեալ Փաստաթուղթի առաջին մասը նուիրուած է արդարեւ Յովհաննէս առաքեալին ու անոր ներկայ աշխարհին հետ կապին, ուր կը խօսուի սրընթաց յեղաշրջումի մէջ գտնուող աշխարհի մը մասին, ու նոր սերունդներուն ապրած իրողութեան մասին, անցնելու համար երիտասարդներու ''ընտրանքներու'' հարցին ու անոնց դէմ կայացած մարտահրաւէրներու քննարկումին։

Փաստաթուղթի երկրորդ գլուխը նուիրուած է` ''Հաւատք զատորոշում եւ կոչում'' նիւթերուն մինչ երրորդ գլուխը յատկացուած է երիտասարդներուն հովուական խնամակալութեան. Քալել բոլոր երիտասարդներուն հետ անխտիր, ընկերանալով անոնց, իրենց ապրած միջավայրին մէջ, օգտագործելով անոնց ոճն ու նորաձեւ ''լեզուն'' եւ արժէքաւորելով անոնց ստեղծագործական հանճարն ու տաղանդները։

Փաստաթուղթի աւարտին երիտասարդներուն հայող այս ընթացքը կը յանձնուի Նազարէթի Մարիամի հովանիին. Այդ երիտասարդ աղջնակը` որ առաջինը եղաւ որ քալեց այդ ճանապարհէն, իր կեանքի ամէն մէկ վայրկեան ընկալելով Աստուծոյ Խօսքը ու զայն պահելով ու պահպանելով իր սրտին մէջ։ Ամէն մէկ երիտասարդ արդարեւ  Մարիամին մէջ կարող է վերագտնել ունկնդրութեան ոճը, հաւատքի քաջութիւնը, զատորոշումի խորութիւնն ու ծառայութեան նուիրումը։ Իր ''փոքրութեան'' մէջ Սուրբ Կոյսը փորձարկեց Աստուծոյ խորհրդաւոր կամքը հասկնալու դժուարութիւնը։ Մարիամ սակայն կարողացաւ ըսել նաեւ ''ահաւասիկ եմ''­,  բանալով Աւետարանի նոր ճանապարհը։ Անոր աչքերուն մէջ ամէն երիտասարդ կարող է վերագտնել զատորոշումի գեղեցկութիւնը, անոր սրտին մէջ փորձարկել քնքշութիւնը եւ վկայութեան ու առաքելութեան քաջութիւնը։

Սոյն նախապատրաստական Փաստաթուղթը, որուն կցուցած է նաեւ հարցարան մը, կ՛ ուղարկուի Կաթողիկէ Արեւելեան Եկեղեցիներու հովուապետերուն, Եպիսկոպոսական դասին, Հռոմի Քուրիայի անդամներուն, Վանքերու Մեծաւորներու միութեան, սկիզբ տալով Աստուծոյ Ժողովուրդին խորհրդակցութեան փուլին նախաձեռնութեան։ Ապա այդ հարցարաններէն քաղուած պատասխաններու հիման վրայ կը շարադրուի  սիւնհոդոսին հայող ''աշխատանքային փաստաթուղթը'' որուն հիման վրայ տեղի կ՛ունենայ Սիւնհոդոսական նիստը եւ Սիւնհոդոսական Հայրերու քննարկումները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.