2017-01-11 09:57:00

''Սուրբ Երկրի համակարգում'' եպիսկոպոսներու տարեկան ուխտագնացութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 14 յունուարին սկիզբ կ՝առնէ ''Սուրբ երկրի համակարգում'' եպիսկոպոսաց տարեկան ուխտագնացութիւնը դէպի Սուրբ Երկիր։ Ուխտագնացութիւնը կը տեւէ մինչեւ 19 յունուար ու նուիրուած է Իսրայէլի մէջ քրիստոնեայ գաղթականներուն ու թափառաշրջիկներուն։

''Սուրբ Երկրի համակարգումը'' կազմուած  է համայն  Եւրոպայի, Հիւսիսային Ամերիկայի եւ հարաւային Ափրիկէի  եպիսկոպոսներէ, եւ հիմնուած է 1990 թուականին՝ ընդառաջելով Սուրբ Աթոռի հրաւէրին,   որպէս կէտնպատակ ունենալով այցելել եւ զօրակցիլ Սուրբ Երկրին մէջ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն։

Ուխտագնացութեան կը մասնակցին 13 եպիսկոպոսներ։ Անոնք 14 յունուարին, Ժաֆֆա Քաղաքին մէջ  ներկայ կը գտնուին   ՝՝ժողովուրդներուն Սուրբ Պատարագի'' աւանդական արարողութեան, որուն սպասաւորութիւնը կ՛ապահովեն Իսրայէլի մէջ քրիստոնեայ զանազան հասարակութիւնները։  Պատարագի աւարտին, եպիսկոպոսները կ՝ուղղուին Թել Ավիւ, այցելելու համար գաղթականներու հովուական ծառայութեան կեդրոնը։   

''Սուրբ երկրի համակարգում'' եպիսկոպոսաց դասը` Բեթղեհէմ կեցութեան ընթացքին պիտի այցելէ Երուսաղեմ եւ Հեպրոն քաղաքները, պիտի քննարկէ Պաղեստինեան հարցը, ջանալով  զարգացնել Իսրայելցիներու եւ պաղեստինցիներուն միջեւ երկխօսութիւնը։

Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթուայ առիթով,  եպիսկոպոսները, չորեքշաբթի, 18 յունուարի յետմիջօրէին պիտի կատարեն  համամիութենական աղօթք եւ հանդիպում պիտի ունենան Սուրբ Երկրի համայնքապետերուն հետ։ Այս շրջագիծէն ներս, յետմիջօրէին ժամը 5,00-ին,  երուսաղեմի  Անկլիգաններուն Սուրբ Գէորգ տաճարին մէջ անոնք կը մասնակցին համամիութեան  աղօթքի ձեռնարկին։








All the contents on this site are copyrighted ©.