2017-01-11 09:42:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Լռելու պահը գիտնալ

Փորձառու ծերունին, երբ իր ներկայութեան երիտասարդներ յանդգնէին հեղինակաւոր կարծիքներ արտայայտել, յատկապէս իրենց չվերաբերող նիւթերու մասին, այսպէս կը խրատէր ՜՜Լռելու պահը գիտցիր՝՝

Հայկական ծանօթ առածին համաձայն՝ «Խօսքը եւ նետը ետ չեն վերադառնար»: Ուրեմն, ինչքա՜ն զգուշաւորութիւն կը պահանջուի իւրաքանչիւր անձէ, որպէսզի նախքան արտայայտուիլը մտածէ, թէ ի՞նչ հետեւանք կրնայ ունենալ իր արտասանած խօսքը:
Մարդու տեսակներուն մէջ զանազանութիւն դնելու լաւ միջոցներէն մէկն ալ, նայիլն է, թէ՝ ինչքա՞ն խօսող է տուեալ անձը: Անշուշտ ամէն ոք գիտէ, թէ «խօսիլ կայ, եւ… խօսիլ կայ»: Մեր եկեղեցին զուր տեղ խօսուած խօսքին համար՝ «զրախօսութիւն» բառը կը գործածէ, նոյնիսկ զանիկա մեղքերու ցուցակին մէջ արձանագրելով: Զրախօսութիւնը անշուշտ, դատարկաբանութեան, դատարկախօսութեան հոմանիշ, սակայն այդ պարզ բառը մեղք կը համարուի, երբ այդ դատարկաբանութեամբ ուրիշին վնաս հասցուի:
Խօսելու սիրոյն՝ խօսիլը մարդկային այլ տեսակի մարմաջ, որ յաճախ տկար նկարագրով մարդոց կողմէ օգտագործուող յատուկ մեթոտ է: Ոմանք յաւելեալ «հանգամանք» տալու համար իրենց «խօսք»ին, ծխախոտի ծուխի գուլաներու օգնութեան կը դիմեն, սնապարծութեամբ իրենց գրասեղանին ետին պահուըտած:
Լռակեաց ըլլալուն մէջ պարտութիւն տեսնելու համոզումը ունենալով, ոմանք անպայման կ՛ուզեն արտայայտուիլ, գէթ «բան մը ըսել», որպէսզի ամէն մարդ իմանայ թէ «լեզու ունին» իրենք: Իսկ ուրիշներ հակառակ համոզումը ունենալով այս հարցին մէջ, լաւ կը հասկնան լռութեան «ոսկի» ըլլալը: Անոնք կը հասկնան «աչքերու լեզու»ն, եւ նոյնիսկ «կը խօսին» այդ լեզուով, առանց մէկ բառ արտաբերելու իրենց շրթներէն…:
Հետաքրքրական երեւոյթ է նկատել, որ իւրաքանչիւր անձ անպայման կը յենի որոշ «յենակ»ի, ըլլայ այդ մարդ, դրամ, պաշտօն, հանգամանք կամ այլ տեսակի «սիւն»: Օրինակ, ազդեցիկ մէկուն հովանաւորութիւնը վայելող անձը շատ համարձակ իր բերանը կը բանայ, վստահ ըլլալով, որ ամէն ոք նկատի ունենալով այդ ազդեցիկ մարդուն հովանաւորութիւնը, պիտի  յարգէ իր արտայայտած մտածումը: Ասիկա խեղճութեան ամէնէն ստորին մակարդակն է: Երկրորդ յենակը նիւթական հարստութիւնն է, որ դարձեալ «լեզու կու տայ» ու, մանաւանդ, սին պարծանք տուեալ անձին՝ իր ըսածին հիանալու: Պաշտօնն ու հանգամանքը, որ երրորդ տեղը կը գրաւեն, աւելի մեղմ ներկայութիւն կը դարձնեն տուեալ անձը, որուն ըսածին կարեւորութիւն տալու կամ չտալու ազատութիւնը ունին ունկնդիրները:
«Լռելու պահը գիտնալ»ու իմաստութիւնը շատ քիչերուն տրուած է: Ասոր փորձիչ պահը անարգանքն է:

 «Լռելու պահը գիտցի՛ր»:
Երբեմն լռութեամբ աւելի՛ խօսող մարդոց նկատմամբ յարգանքը կը կրկնապատկուի, երբ անոնք գիտեն, թէ տուեալ անձը գիտէ՛ իր խօսելու ժամանակը: Խօսքը թռչող եւ նետի նման սլացող ու խրուող երեւոյթ ըլլալով, իր տեղին ու իր ժամանակին պէտք է օգտագործել, այլապէս զուր տեղ վատնուած փամփուշտի նման անարժէք կը դառնայ, մինչ անոր թիրախ՝ վայրի գազանը՝ թշնամին, առիթէն օգտուելով կը յարձակի, յօշոտելու համար:
_ «Լռելու պահը գիտցի՛ր»: Ահա մեծագոյն խրատը՝ խրա՛տ սիրող մարդուն համար: Այլապէս օդին մէջ կատարուած հրավառութեան կայծերուն նման պահ մը քու ալ խօսքերդ պիտի զուարճացնեն ունկնդիրներդ, ու ապա ցնդին ու մոխրանան, եւ քամին զանոնք պիտի տարտղնէ աջ ու ձախ:
Մինչ, լռելու պահդ երբ գիտնաս, ճի՛շդ ատենին կը խօսիս, ո՛չ միայն պապանձեցնելով բոլորը, այլ քու խօսքիդ ենթակայութեան տակ բերելով զանոնք…

Անկասկած, ծանօթ է մեզի Գալիլիայի Կանա քաղաքին մէջ սարքուած հարսանիքին դրուագը, զոր միայն չորրորդ աւետարանիչը` Ս. Յովհաննէս առաքեալը կը պատմէ մեզի: Գանիցս կարդացած ենք այս դրուագը, գանիցս մեկնաբանած ենք, որովհետեւ անոր մէջ տեսած ենք ամուսնական կեանքի գլխաւոր իմաստը եւ խորհուրդը: 
Կանայի հարսանիքին ներկայ էին Յիսուս, Մարիամ եւ կարգ մը աշակերտներ: Հարսանիքի ժամանակ աւետարանիչը կը պատմէ թէ անոյշ գինին սեղանէն պակսեցաւ: Ո՞վ կ’անդրադարնայ այդ պակասին. սեղանապե՞տը, Սպասաւորնե՞րը: հետաքրքրական է, որ ոչ սեղանապետը եւ ոչ ալ սպասաւորները կ’անդրադարնան գինիի պակասին, հակառակ անոր որ սպասաւորներուն կ’իյնայ պարտականութիւնը սեղանին պէտքերը ապահովելու եւ միշտ պակասութիւնները լեցնելու: Եւ ի՞նչ կը պակսի սեղանին: Կը պակսի կացը, խմիջքը, սեղանին ամէնէն էականը` գինին, որ խորհրդանիշ է ուրախութեան, կենացի: Հետաւաբար, Յիսուսի Մայրն է, որ կ’անդրադառնայ այդ էական պակասին, եւ Յիսուսին կը դիմէ ըսելով. «Գինի չունին»: 
Յիսուս կը պատասխանէ. «Ի՞նչ կ’ուզես ինձմէ, ո՛վ կին, քանի որ տակաւին ժամս չէ հասած»: Այլ խօսքով Յիսուս կ’ուզէր ըսել թէ իր փառաւորութեան ժամը` այսինքն խաչի եւ մահու ժամը տակաւին չէ հասած, գինին նոր ուխտի արեան փոխելով` քաւութեան եւ թողութեան համար: 
Հետոյ կը հրամայէ սպասաւորներուն որ քարէ վեց թակոյկները ջուրով լեցնեն: Եւ այդտեղ արդէն հրաշքը տեղի կ’ունենայ, ջուրը գինիի կը փոխուի, եւ ասիկա կ՛ըլլայ սկիզբը Յիսուսի հրաշքներուն իր Աստուածային փառքը յայտնելով իր առաջին աշակերտներուն, որոնք հրաւիրուած էին խնճոյքի: 
Յիսուս ի՞նչ ուզեց մեզի սորվեցնել Կանայի հարսանիքին մասնակցելով: 
Նախ եւ առաջ ուզեց օրհնել պսակը այր մարդուն եւ կնկան միջեւ, յիշեցնելով որ պսակը Աստուածային խորհուրդ է. Աստուած զայն ուզեց եւ օրհնեց: «Ինչ որ Աստուած միացուցած է, թող մարդ զայն ամենեւին չբաժնէ», ըսած է Յիսուս: Հետեւաբար անլուծանելիութիւնը Պսակի Խորհուրդի հանգամանքին գլխաւոր արդիւնքն է: 
Ինչպէս որ գինին էական է բոլոր խնճոյքներուն եւ ուրախութիւններուն, նոյնպէս ալ սէրը հիմնական է, եւ կեդրոնն է ամուսնութեան խորհուրդին: Ասոր համար է որ Պսակի ատեն կը կարդանք Պօղոս առաքեալի եփեսացիներուն ընթերցումը, ուր սուրբ Պօղոս կը թելադրէ Այրերուն ըսելով. «Այրեր, սիրեցէ՛ք ձեր կիները ինչպէս որ Քրիստոս սիրեց եկեղեցին, եւ իր անձը (կեանքը) նուիրեց անոր»: 
Ի՞նչպէս որ Մարիամ ըսաւ սպասաւորներուն. «Ըրէ՛ք ինչ որ հրամայէ ձեզի», եւ սպասաւորները հնազանդեցան Յիսուսի հրահանգներուն: Նոյնպէս ալ ամուսնութիւն մը չի կրնար գոյատեւել եթէ փոխադարձ հնազանդութիւն չկայ: Առողջ հնազանդութիւն, գիտակից հնազանդութիւն եւ ոչ թէ կոյր հնազանդութիւն: 
Վերջապէս, ինչ որ պատահեցաւ Կանայի հարսանիքի ընթացքին, կրնայ նաեւ պատահիլ որեւէ ամուսնութեան ընթացքին, որով կը սկսի խանդավարութեամբ եւ ուրախութեամբ, բայց այդ սկիզբի խանդավարութիւնը, ինչպէս գինին Կանայի հարսանիքին, ժամանակուայ ընթացքին մերթ ընդ մերթ կը սպառի եւ կը սկսին ըսուիլ թէ ընտանիքներուն մէջ սէր չկայ: 
Հետեւաբար, Կանայի հարսանիքը կոչ մըն է զոյգերուն համար, որպէսզի Յիսուսը հրաւիրեն իրենց տուներուն մէջ եւ իրմէ խնդրեն որպէսզի կրկնէ Կանայի հարսանիքին հրաշքը` ջուրը գինիի վերածելու: Ուրիշ խօսքով` գաղջութեան ու Routini ջուրը` սիրոյ եւ ուրախութեան գինիի, փոխադարձ յարգանքի եւ սիրոյ: Այսպէսով Քրիստոս բոլոր տուներուն եւ ընտանիքներուն մէջ իր փառքը կը յայտնէ: 

Գէորգ Արք Չիֆթճեան








All the contents on this site are copyrighted ©.