2017-01-10 08:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Յունուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Բոլոր քրիստոնեաներուն համար, որպէսզի, հաւատարիմ Տիրոջ ուսուցման, աղօթքի  եւ եղբայրսիրութեան միջոցաւ յանձնառու ըլլան եկեղեցական ամբողջական միութեան, համագործակցաբար պատասխանելով մարդկութեան ներկայ մարտահրաւէրներուն'' այս է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Յունուար ամսուայ աւետարանումի  աղօթքի դիտաւորութիւնը որուն առթիւ Ան լսատեսողական պատգամ մը հրապարակած է, որուն մէջ կը յիշէ թէ ներկայ աշխարհի  մէջ զանազան Եկեղեցիներու պատկան քրիստոնեաներ միասին կ՛աշխատին ծառայելու կարիքաւոր մարդկութեան, մարդկային կեանքի եւ անոր արժանապատուութեան ու արարչութեան պաշտպանութեան համար, պայքարելով անարդարութեան դէմ։

Միասին քալելու իղձը՝ համագործակցիլ մարդու ծառայութեան, տկարներու եւ տառապողներու զօրակցութեան մէջ՝ կը հանդիսանայ ուրախութեան պատճառը բոլորին համար, ըսած է Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ ապա կոչ ուղղած է  “Միացուր քու ձայնդ իմ ձայնիս, աղօթելու համար, որպէսզի բոլորը աղօթքով եւ եղբայրական սիրով նպաստեն եկեղեցական ամբողջական միութեան հաստատումին՝ ի ծառայութիւն մարդկութեան մարտահրաւէրներուն։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.