2017-01-04 11:32:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Գլտորուած Քարը

Նիւթապաշտներէն ոմանք իրենց տեսութիւններուն մէջ ամէնէն յաւերժական նիւթը կը նկատեն քարը: Անկիւնաքարի մասին մէջբերում կատարելով Հին Կտակարանէն, Յիսուս ակնարկութիւն կը կատարէ իր անձին, որ պիտի անարգուէր, սակայն յետոյ անկիւնաքար պիտի դառնար մարդկութեան փրկութեան աստուածային ծրագիրի կառուցողական աշխատանքին մէջ (Հմմտ. Սղմ 118.22, Ղկ 20.17):

Քարերու տեսակներուն եւ մանաւանդ հրաբխային դարաւոր շերտաւորումներուն մասին ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին երկրաբաններու կողմէ, ճշդելով անոնց կազմաւորման թուականը, տեսակը, արժէքը, դիմացկունութիւնը եւ գործածութեան յարմարութիւնները: Օրինակ, անոնցմէ ոմանք շէնքերու հիմքերուն մէջ դրուելու կը նախապատրաստեն, ուրիշ տեսակ մը՝ շէնքերու երեսապատման, այլ տեսակ մը՝ քանդակագործութեան, ուրիշ տեսակ մը՝ փորագրութեան, իսկ ազնուագոյն տեսակները՝ զարդեղէններ պատրաստելու համար կը յղկեն:

Քանդակագործները հազիւ ժայռի բեկորի մը վրայ աչք պտըտցնեն, կ՛իմանան, թէ կարելի՞ է անոր տեսք տալ եւ արձանի վերածել, կամ՝ ոչ: Քարի այդ բեկորին ուրուագծած երակները, հաստութիւնը, փխրուն կամ ամուր ըլլալը պայմաններ են, որ քանդակագործը զայն իբրեւ իր արուեստին համար օգտագործելի քար ընդունի, կամ՝ ոչ:

Փորագրիչներն ալ, իրենց հերթին, կը քննեն ո՛չ միայն իրենց ներկայացուած քարին ընդհանուր ամրութիւնը, այլեւ անոր փորագրուելու ամէն յարմարութիւնները: Օրինակ, Հայաստանի տուֆը ամէն յարմարութիւն ունի փորագրութեան, եւ դարերու ընթացքին որքա՜ն նրբագեղ խաչքարեր քանդակեր են մեր նախնիք անոնց վրայ, արուեստի գործերու հսկայ ժառանգութիւն կտակելով դարերուն:

Վայրի բնութեան մէջ գտնուող ժայռեր երբեմն տեսարաններ կը պարզեն, եւ վարպետ լուսանկարիչներ իրենց ոսպնեակներուն միջոցով մեզի կը ներկայացնեն զանոնք: Օրինակ, լերան մը կողէն դուրս ցցուած ժայռաբեկոր մը կրնայ լուսանկարիչի ոսպնեակին դիտանկիւնէն երեւիլ իբրեւ վիշապագլուխ: Դիտելու անկիւնը, լոյսի խաղն ու այլ կերպեր կրնան այդ նմանութիւնը ստեղծել: Երբեմն պարզ դիտողի աչքերուն անտեսանելի այս նմանութիւնները զարմանք կը պատճառեն:

Քարը, որպէս կարծր առարկայ, պատմութեան վաղ ժամանակներուն նաեւ գործածուած է իբրեւ զէնք: Նախամարդը զայն յղկած ու սրած է, իր ձեռքին մէջ իբրեւ զէնք վերցնելու եւ յարձակելու համար իր որսին կամ թշնամիին վրայ: Քարին ծանրութիւնը նոյնքան արժէք ունի, որքան իր տոկունութիւնը: Նոյնը փոխաբերական իմաստով կը գործածուի նաեւ նկարագրով ծանրակշիռ մարդոց պարագային: Մարմինին ծանրութիւնը ո՛չ մէկ իմաստ ունի, անձի մը ծանրախոհ ըլլալը ցոյց տալու համար:

Քարին ծանրութիւնը նաեւ իր կարեւոր նշանակութիւնը ունի կառոյցներու հիմքերուն մէջ օգտագործուելու ընթացքին. միշտ աւելի ծանրը, աւելի տոկունը եւ մեծը կը դնեն շինարարներ իրենց կառուցած շէնքերու հիմքերուն տակը, որպէսզի անոնք իրենց ամրութեամբ եւ կշիռքով պահպանեն ապագայ պատը, որ անոնց վրայ պիտի բարձրանայ: Քարին օգտագործելիութեան կարելիութիւններէն տարբեր մօտեցում մըն է անոր փոխաբերական այլ իմաստը, զոր կը գործածենք ցոյց տալու համար նկարագրով տոկուն եւ միաժամանակ աշխատունակ մարդիկը:

Ընկերային անարդարութեանց մաս կը կազմէ նաեւ «քարի պէս» մարդոց գլորումը «լեռնէն վար»: Իրենց աշխատանքով, ճիգով ու ջանքով լերան կատարին հասած մարդոց տրուած վճռական հարուած մը կրնայ զանոնք հսկայ ժայռի մը պէս վար՝ դէպի անդունդ գլորել: Ասոր մէջ վարպետ են նախանձ մարդիկ, որոնք հազար տեսակ բահ ու բրիչ կը գործածեն, կարենալ փորելու համար ժայռացած մարդոց կանգնած գետինը, մօտակայ կամ հեռաւոր անդունդի մը բերանը հասցնելու համար զայն, եւ անյապաղ հոնկէ վար գլորելու, իրենց սիրտին վրայ ծանրացած այդ «ժայռ»ը:

Հետաքրքրական է սակայն, որ այս ժայռը լեռնէն վար գլորուած ժամանակ ինչքան ալ փոշոտի կամ ցեխոտի, եթէ տոկուն քար է, նախ՝ չի փշրուիր, այլ՝ իր ամբողջութեան մէջ կը հասնի վար, միայն թեթեւ վէրքեր ստանալով իր վրայ: Երկրորդ, ամէնէն կարեւոր երեւոյթը այն է, որ գլտորուող ժայռը մամուռ չի՛ կապեր: Մինչ, անտառին մէջ բազմաթիւ ժայռեր, նոյնիսկ հսկայական ծաւալով, բարձր ծառերու շուքին նստած, ծուլութեամբ մամռակալած, գլտորուող ժայռերու մասին ողբ կը հիւսեն: Իրենց անգործածելիութիւնը, քառասուն օր չսափրուած մարդու տեսքը, իսկ իրենց յատակին՝ որդերու եւ զեռուններու կեղտոտ եռուզեռը թողած, գլտորուող քարին մասին կը բամբասեն: Այն քարին, որ բարձունքէն դաւադրաբար ինկած պահուն իսկ «աշխատանքի վրայ էր» եւ չէ՛ր թողուր որ մամուռ աճի իր վրայ:

Մարդկութեան մեծ տոկոսին ճակատագիրը նման է գլտորուող քարի ճակատագիրին: Քանդիչ ու կործանարար բահ ու բրիչ ձեռք առած մարդոց թիւը շատ աւելի է, քան՝ անկիւնաքար դառնալու կոչուած տոկուն քարերուն թիւը: Անդունդն ալ ունի անշուշտ իր յարմարաւէտութիւնը: Ուստի, անդունդ գլտորուած քարը ստիպողաբար տեղաւորուելով իրեն յատկացուած նոր վայրին մէջ, դարձեալ կը սկսի իր կառուցողական աշխատանքին, հիմնաքար դառնալով:

Քարի մը գլորումը երբ տեսնես, մի՛ յուսահատիր, որովհետեւ այն ալ իր վերակառուցման օրը ունի անպայման:








All the contents on this site are copyrighted ©.