2017-01-04 11:19:00

Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւններու լսատեսողական պատգամը մեծ յաջողութիւն գտած է։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 9 յունուարին լոյս կը տեսնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Յունուար ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը որ կը հայի քրիստոնեաներու յանձնառումին` ի տես մարդկութեան դիմաց կայացած մարտահրաւէրներուն։ Ճիշդ մէկ տարի առաջ էր որ սկիզբ առած էր ''Քահանայապետին տեսերիզը'' անունով ծրագիրը որ ամէն ամիս կը հրապարակուի եւ կը պարունակէ Քահանայապետին պատգամը հայող ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան։

Քահանայապետի աղօթքի միջազգային ցանցի տնօրէն ու ծրագրի  պատասխանատու` Յիսուսեան Հայր Ֆրետերիք Ֆորնոս, ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին յայտնած է թէ ծրագիրը` որուն նպատակն է օգնել կաթողիկէ հաւատացեալները աղօթելու համար Ֆրանչիսկոս Պապին ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց հետ,  մեծ յաջողութիւն գտած է ու 12 ամսուայ գործունէութեան ընթացքին` 13 միլիոն այցելուներ արձանագրուած են, առանց հաշուի առնելու աւելի քան 3200 հաղորդամիջոցները որոնք իրենց կարգին կ՛արձագանգեն ու կը սփռեն ծրագրին պարունակութիւնը։

Հայր Ֆորնոս ապա նշած է թէ լսատեսողական պատգամը կը հրապարակուի 10 լեզուներով ու ներկայ է ընկերային արդի ցանցերու վրայ (Youtube, Facebook, Twitter, Instagram)։ Ան ապա տեղեկացուցած է թէ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները որ ընդհանրապէս ամէն ամիս երկու ստորաբաժանումներ ունէին` Ընդհանուր եւ Միսիոներական, այս տարուընէ սկսեալ պիտի ունենան ամսական մէկ դիտաւորութիւն, կամ ընդհանրական կամ միսիոներական, ու ասոնց պիտի աւելնայ այլ դիտաւորութիւն մը զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի յայտարարէ` ամսուայ ամէն առաջին կիրակի օրուան առթիւ արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին եւ որ պիտի հայի ընթացիկ իրադարձութիւններուն, ''որպէսզի իր հետ միասին աղօթենք եւ յաղթահարենք նաեւ անտարբերութեան համաշխարհայնացումը, բացուելով հանդիպումի մշակոյթին'' ըսած է Հայր Ֆորոնս։








All the contents on this site are copyrighted ©.