2017-01-03 12:30:00

''Բռնութեան խաւարին մէջ վերաբերուինք որպէս լոյսի զաւակներ''. Գերապայծառ Փիցցապալլա:


 (Ռատիօ Վատիկան) ''Հաւատքը,  պահու մը  արարք  չէ,  ոչ իսկ   դիւցազնական, այլ սովորական,  առօրեայ կեանքի կեցուածք , հաւատացեալի  մը , որ  սովորական եւ պարզունակ կեանք կ՝ապրի''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ,  Երուսաղեմի   Լատինաց Պատրիարքութեան առաքելական կառավարիչ՝ գերապայծառ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա, Երուսաղեմի մէջ Աստուածամօր տօնին առթիւ  մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։ Ան  ապա ընդգծեց, թէ մեր  կատարած արաքները պէտք են  ցոյց տալ, թէ  որուն կը պատկանինք։

՝՝Սուրբ Երկրին մէջ նաեւ բռնութեան խաւարը՝ ոչ միայն ֆիզիքական,  անընդհատ կերպով կը  խոչընդոտէ մեր բոլորիս ամենօրեայ կեանքը։ Ուստի՝  կանչուած ենք վերաբերուելու՝ որպէս լոյսի զաւակներ։ Այսօր՝ մեզի կ՝իյնայ,  մենք մեզի հարց տալու,  թէ ի՞նչ կը նշանակէ լոյսի զաւակներ ըլլալ եւ Քրիստոսի  պատկանիլ՝՝ ։

Հարկ է, որ մեր արարքները ցոյց տան,  թէ որուն կը պատկանինք ։ Ըսած է  Երուասաղեմի Լատինաց Պատրիարքութեան առաքելական կառավարիչը իր արտասանած քարոզի աւարտին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.