2017-01-02 11:00:00

ՄԱԿ-ի գլխաւոր նոր քարտուղարը Կութերրէս. Թող 2017 թուականը ըլլայ խաղաղութեան տարի։


(Ռատւօ Վատիկան) ՄԱԿ-ի նորընտիր՝ 9-րդ գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերրէսը` Յունուար մէկէն սկսեալ ստանձնեց իր պաշտօնը՝ յաջորդելով Պան Քի Մունին։ Կութերրէս Ամանորի առթիւ մաղթանք յայտնած է որ 2017 տարին ըլլայ նախ եւ առաջ խաղաղութեան տարի։

''Ինչպէ՞ս կարող ենք օգնել միլիոնաւոր մարդոց, որոնք կը տառապին անվերջ պատերազմներէ, որոնց հետեւանքով ոչ ոք յաղթական է եւ կան միայն պարտուողներ: Խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ մեր ընդհանուր նպատակն ու առաջնորդող գաղափարը: Այն ամէնը, յանուն որուն մարդկութիւնը կը պայքարի՝ արժանապատուութիւն, յոյս, առաջընթաց ու բարգաւաճում, կախում ունի միայն խաղաղութիւնէն, իսկ խաղաղութիւնն ալ կախեալ է մեզմէ''- ըսած է ՄԱԿ-ի Նորընտիր Քատուղար 67-ամեայ ԱնթոնիօԿութերրէսը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.