2016-12-27 09:56:00

Սփիւռքի նախարարութեան մէջ փախստականներու մասին հանդիպում։


Դեկտեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչ Քրիստոֆ Պիրուիրթը:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ողջունելով հիւրը` կարեւոր համարեց սուրիահայերու հիմնախնդիրներու լուծման ուղղութեամբ կազմակերպութեան իրականացուցած աջակցութեան ծրագիրները, ինչպէս նաեւ նախարարաութեան հետ սերտ համագործակցութիւնը:

Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայերու զբաղուածութեան, մասնագիտական վերապատրաստման եւ բնակարանային խնդիրներուն:

ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի ներկայացուցիչը հանգամանօրէն ներկայացուց տարուան ընթացքին կատարուած աշխատանքը, համոզուածութիւն յայտնեց, որ համագործակցութիւնը պիտի  շարունակուի: Ան կարեւոր նկատեց միջազգային ասպարէզներուն մէջ սուրիահայերու խնդիրներու պատշաճ ներկայացումը` հանրութեան ուշադրութիւնը դէպի Հայաստան ուղղելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.