2016-12-19 07:51:00

Լիբանանը ունեցաւ նոր կառավարութիւն։Աւետիս Կիտանեան` Զբօսաշրջութեան Նախարար։


Իր նշանակումէն 48 օր ետք, վարչապետ Սաատ Հարիրի կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը` օժանդակութեամբ երկրին իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն, բացի Փաղանգաւոր կուսակցութենէն, որ մերժեց մաս կազմել երկրին կառավարութեան:

Վարչապետ Հարիրի երէկ երեկոյեան ուղղուեցաւ նախագահական պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, որուն յանձնեց նոր կառավարութեան կազմին անուանացանկը:

Նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի հանդիպումին միացաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի:

Այսպիսով, նախագահական պալատէն երէկ հրապարակուեցան երեք շրջաբերականներ, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերէր նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի հրաժարականին, երկրորդը` Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումին, իսկ երրորդը` կառավարութեան նոր կազմին:

Կառավարութեան կազմի յայտարարութենէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ նորակազմ կառավարութիւնը ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մըն է:

Ան շեշտեց, որ կառավարութեան գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կազմակերպումը, «հետեւաբար ան իր կարճատեւ ծառայութեան ընթացքին պիտի ջանայ լուծել շարք մը տագնապներ, որոնցմէ են աղբի, ելեկտրականութեան եւ ջուրի հարցերը», ըսաւ ան:

Ան լաւատեսութեան շեշտով մաղթեց մօտիկ ապագային ընտրական նոր օրէնքի մը վաւերացումը` ընդգծելով, որ պէտք է պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ Լիբանանը զերծ կացուցել Սուրիոյ տագնապին հետեւանքներէն:

Նորակազմ կառավարութիւնը իր պաշտօնական լուսանկարը պիտի ստանայ նախագահական պալատին մէջ,  չորեքշաբթի, 21 դեկտեմբերին, ապա  կառավարութիւնը Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր անդրանիկ նիստը, որուն պիտի նախագահէ հանրապետութեան նախագահը:

Նշենք, որ կառավարութեան ընդգրկած վեց նոր նախարարութիւններն են ծրագրաւորումի հարցերու, տեղահանուածներու հարցերու, փտածութեան դէմ պայքարի, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու, կիներու հարցերու եւ մարդկային իրաւունքներու հարցերու նախարարութիւնները:

Յայտնենք թէ Լիբանանի նոր կառավարութեան Զբօսաշրջութեան Նախարար նշանակուած է` Աւետիս Կիտանեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.