(Ռատիօ Վատիկան) Ֆաթիմայի Տիրամօր երերումներուն հարիւրերորդ տարեդարձին առթիւ, ընդունելով Փորթուկալի հանրապետութեան նախագահին ու եպիսկոպոսներուն հրաւէրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Ֆաթիմայի Տիրամօր` յառաջիկայ 2017-ի Մայս 12-13։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլող գրասենեակը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |