2016-12-17 08:59:00

Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեանին նուէրը Ֆրանչիսկոս Պապին` ''Աղօթքներով լի արկղ մը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Հայաստանի, Վրաստանի Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 80-րդ տարեդարձին առթիւ, որ կը նշուի 17 դեկտեմբերին, նամակ մը յղած է Անոր, որուն մէջ յայտնած է Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ ու Արեւելեան, Եւրոպայի համայն կղերին ու հաւատացեալներուն` Բարի տարեդարձի լաւագոյն մաղթանքները։

Արհիապատիւ Մինասեան գերապայծառը նամակին մէջ մատնանշած է Ֆրանչիկսոս Պապին անցեալ Յունիսին Հայաստան այցելութեան, նշելով թէ ''այդ օրերուն գեղեցիկ յիշատակը տակաւին թարմ է բոլոր հաւատացեալներուն սրտերուն մէջ'' որոնք, գրած է գերապայծառ Մինասեան, ձեր այս տարեդարձին առթիւ կ՛ուզեն որպէս պարգեւ ձեզի ընծայել արկղ մը` լի աղօթքներով եւ ձեզի համար Աստուծմէ կը հայցեն երկար  կեանք եւ առողջութիւն։

''Առիթէն կ՛օգտուինք ձեզի փոխանցելու նաեւ Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի մեր լաւագոյն մաղթանքները, Յիսուս Մանուկէն հայցելով խաղաղութեան պարգեւը` համայն աշխարհին համար'' գրած է գերապայծառ Մինասեան Ֆրանչիսկոս Պապին յղած բարեմաղթական նամակը եզրափակելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.