2016-12-15 14:25:00

Գերապայծառ Եանուշ Ուրպանչուքի ելոյթը Քրիստոնեաներու դէմ անհանդուրժողութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 14 դեկտեմբերին, Վիեննայի մէջ, ԵԱՀԿի մօտ Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչը՝ Գերապայծառ Եանուշ Ուրպանչուք զեկոյց մը տուած է քրիստոնեաներու հանդէպ կատարուած անհանդուրժողութեան եւ խտրականութեան մասին։

Խօսքին մէջ, Գերպ. Ուրպանչուք, անդրադարձած է կրօնքներու նպաստին՝ մշակութային եւ ընկերային կեանքէն ներս, ինչպէս նաեւ անոնց կատարած ջանքերուն՝ երկխօսութեան եւ փոխադարձ հասկացողութեան կերտման մէջ։

Ապա կոչ ուղղած է պետական իշխանութիւններուն, որ նկատի առնեն կրօնական կազմակերպութիւններու եւ անոնց ղեկավարներու բերած նպաստները՝ որոշումներ կայացնելու աշխատանքին մէջ, ինչպէս նաեւ յարգեն եւ պաշտպանեն կրօնական դաստիարակութիւնը ընկերութենէն ներս։

Գերապայծառը կոչ ուղղած է, որ կրօնքի հայող հարցերու մէջ բոլորը ցուցաբերեն բաց եւ շինիչ երկխօսութիւն։ Ան նկատած է, որ թէեւ Եւրոպայի մէջ քրիստոնեաներու դէմ չկան հալածանքներ, սակայն չեն բացակայիր խտրականութեան պարագաներ քրիստոնեաներու դէմ, երբեմն նոյնիսկ վնասելով անոնց ապահովութեան։ Տեղի ունեցած են անհանդուրժողութեան, ատելութեան եւ բռնութեան դէպքեր կրօնական վայրերու եւ իրերու հանդէպ։ Քրիստոնեաներ թշնամանուած եւ նախատուած են իրենց հաւատալիքներուն եւ արժէքներուն համար, ներառեալ մամուլի մէջ եւ հրապարակային բանավէճերու ընթացքին՝ հիմնուած արտայայտուելու ազատութեան մտապատկերի խեղաթիւրուած մեկնաբանումի վրայ։

Եզրափակելով զեկոյցը, Գերապայծառ Ուրպանչուք ըսած է, “Սուրբ Աթոռը կ՛երկրորդէ իր ամբողջական եւ անխոնջ յանձնառութիւնը՝ պետական իշխանութիւններու եւ այլ կրօնական կազմակերպութիւններու հետ կերտելու վստահութիւն՝ անկեղծ, բաց եւ ուղիղ երկխօսութեամբ։” Ան յիշեց Արքեպիսկոպոս Ռիչըրտ Կալլակըրի խօսքը՝ “Երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է մեր բազմաբեւեռ ընկերութեան մէջ։ Եթէ կրօնքները մաս չեն կազմեր խնդիրներու լուծման, ապա անոնք կրնան դիւրաւ մաս ըլլալ ինքնին խնդրին”։








All the contents on this site are copyrighted ©.