2016-12-13 11:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Տաքքայի վեհաժողովի մասնակիցներուն:


(Ռատիօ Վատիկան) 10-էն - 12 դեկտեմբերին, Տաքքայի մէջ կայացաւ ՝՝գաղթականութիւն եւ զարգացում՝՝ խորագիրով վեհաժողով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աշխարհի զանազան երկիրներու քաղաղաքական ներկայացուցիչներ։

Սուրբ Աթոռի կողմէ իր մասնակցութիւնը բերաւ գաղթականներու եւ փախստականներու հովուական ծառայութեան  Քահանայապետական խորհուրդի ենթաքարտուղար՝  Հայր Կապրիելէ Պենթոլիօ, որ վեհաժողովին ընթացքին կարդաց յանուն Ֆրանչիկսոս Սբրազան Քահանայապետին, Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ  Փիեթռօ Փարոլինին պատգամը։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը քաջալերած է պետութիւններն ու տարածաշրջանին  քաղաքական իշխանութիւնները, դիմագրաւելու մարդոց զանգուածային տեղահանման  տագնապը,  որ սերտ առնչութիւն ունի,  աղքատութեան, հակամարտութեան եւ մարդավաճառութեան շտապ հարցերուն հետ։

Պատգամին մէջ ապա Նորին Սրբութիւնը մէջբերելով ՝՝Գովեալ Ըլլաս՝՝ շրջաբերականէն հատուածներ  յոյս կը յայտնէ,  որ վեհաժողովի ընթացքին արծարծուած նիւթերուն շարքին` քննարկուին նաեւ ''Համընդհանուր Կառավարման հրատապ հարց,ը որ  կարող ըլլայ  մատակարարել միջազգային տնտեսականութիւնը, հաւասարակշռելով տագնապի մատնուած ներկայ տնտեսական կարիքները, ինչպէս նաեւ ապազինութեան դիմելու, սննդառութիւն եւ խաղաղութիւն ապահովելու, կենսոլորտի պահպանումի ու գաղթականներուն կարգաւորման հարցերը''։

Ֆրանչիսկոս Պապ իր համոզմունքը յայտնած է,  որ լոկ ամբողջական ռազմականութեամբ  ,է որ  կը  թոյլատրուի պայքարիլ աղքատութեան դէմ, եւ վերադարձնել մեկուսացեալներուն արժանապատուութիւն,  միեւնոյն ժամանակ  խնամք տանիլ բնութեան։

Հայր Պենթոլիօ նիստերու ընթացքին ներկայացուցած է ապա զեկուցում մը , որուն մէջ ընդգծելով  ժամանակակից աշխարհին մէջ գաղթականներուն  թիւի աճը, յորդորած է պետութիւններուն չի զբաղիլ լոկ գաղթականներէ յառաջացած հարցերով այլ նկատի առնել անոնց կողմէ ընծայուած հնարաւորութիւնները , որոնք կը նպաստեն  ամբողջական զարգացման։  








All the contents on this site are copyrighted ©.