2016-12-10 11:43:00

Երանելի կը հռչակուին Հայր Մարիօն եւ եղբայր Փաուլոն


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի  11 դեկտեմբերին, Լաոսի Վինիանէ քաղաքին մէջ երանելի կը հռչակուին Հայր Մարիօ Պործական եւ հաւատարիմ աշխարական Փաուլօ Թոյ Իքսեուճը։ Երանացման Սուրբ Պատարագի  արարողութիւնը կը հանդիսապետէ  սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչը կարդինալ Անճելօ Ամաթոն.։

Հայր Մարիօ Պործակա ծնած է Իտալիոյ մէջ` 27 օգոստոս 1932-ին։  Ան անդամ էր Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամի Օպլաթի միսիոնարներուն միաբանութեան։

1957-ին, Հայր Մարիօ ընկերակցութեամբ խումբ մը եղբայրակիցներու կը մեկնին դէպի Լաոս,  եւ կը հանդիսանան այդ երկրին առաջին  առաքեալները։

Անոնք կ՝անցնին երկրին բոլոր քաղաքներէն,  այցելելով հիւանդներն ու տկարները, միշտ իրենց դէմքին վրայ ուննեալով  Քրիստոսի ուրախութիւնը։

25 ապրիլ 1960-ին, Հայր Մարիօ  կը հանդիպի աշխարհական կօրնի դասատու` Փաուլօ Թոյ  Իքսեուճին, եւ միասնաբար կը մեկնին երկրին հիւսիսային շրջան, յագեցնելու համար այդտեղուան ժողովուրդին Աստուծոյ խօսքին` աւետարանի ծարաւը։  Երկար ժամանակ հայր Մարիոյի եւ աշխարհական Փաուլոյի իրավիճակի մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն ստանալէ ետք, ի յայտ կու գայ,  որ անոնք սպաննուած են հակառակորդներուն կողմէ,  որոնք երկրէն ներս միսիոնարներուն ներկայութիւնը` չէին փափաքեր։

Հայր Մարիօ 27 տարեկան էր իսկ՝ եղբայր Փաուլոն 19։  Իրենց մարտիրոսութեան դատը սկիզբ առած է Թրենթօ քաղաքին մէջ 2006-ին եւ վերջ գտած է 2008-ին։

5 մայիս 2015-ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ պաշտօնապէս ճանչցաւ  Հայր Մարիոյի եւ եղբայր Փաուլոյի հաւատքի ի սպաս մարտիրոսութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.