2016-12-08 10:20:00

''Եւրոպա. փախստականները մեր եղբայրներն են'' խորագիրով վեհաժողով` Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի «Գովեալ լիցի» շրջաբերականը արդէն անդրադարձած էր աշխարհ եւ մարդկութիւնը յուզող շատ մը հարցերու մասին, որոնք ունին քաղաքական, մշակութային, ընկերային եւ տնտեսական բնոյթ։

Շրջաբերականին մէջ, Սրբազան Հայրը մատնանիշ կʼընէր խնդրայարոյց իրականութիւնները, կը դատապարտէր խնդիրներու պատճառները եւ անոնց դերակատարները եւ կ՛առաջարկէր լուծումներ։

9-10 Դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ, Պիոս Դ. Ակադեմիայի շէնքին ներքոյ, տեղի կʼունենայ վեհաժողով մը, որուն խորագիրն է «Եւրոպա. փախստականները մեր եղբայրներն են» եւ որ կազմակերպուած է Վատիկանի գիտութեան կաճարի կողմէ։

Յիշեալ վեհաժողովին կը մասնակցին ամբողջ աշխարհէն ժամանած 80 քաղաքապետներ։ Անոնք առաւել քան կառավարական եւ այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ, մօտ են ժողովուրդին, եւ հետեւաբար անոնց ցուցաբերած ջանքերէն շատ բան կախեալ է։

Նկատի առնելով ներկայիս աշխարհի շատ մը մասերը յուզող գաղթականութեան եւ փախստականներու հրատապ հարցը, նաեւ այս հանդիպումը յանուանէ կը թուէ անոր պատճառները, որոնց կարգին բնական աղէտներ եւ պատերազմներ։

Փախստականներու եւ գաղթականներու պարագան անկախ երեւոյթ մը չէ. այլ ընդհանրապէս ըլլա՛յ բնութեան աղէտները, ըլլա՛յ մարդու ձեռքով գործուած ոճիրները, համատարած արհաւիրք կը սփռեն շատ մը երկիրներու մէջ, որոնց հետեւանքով է, որ միլիոնաւոր մարդիկ կը թողուն իրենց բնակավայրը։

Խնդիրներու լուծման համար կարեւոր է որդեգրել քրիստոնէական հիմնական առաքինութիւնը՝ «տալ ուրիշներուն այն, ինչ որ ուրիշներէն կʼակնկալենք»։

Նկատի առնելով մարդկութիւնը տագնապող յիշեալ խնդիրները, ներկայ վեհաժողովին պիտի ներկայացուին գործնական առաջարկներ, որոնք բովանդակուած են վեց կէտերու մէջ, նկատի ունենալով Սուրիոյ պատերազմի դադարեցումը. Մեծն Բրիտանիոյ կարգավիճակը հանրաքուէի արդիւնքէն ետք. փախստականներու ընկալումի եւ տեղաւորման հարցերը. արդի ստրկութեան զոհերու օգնութեան կերպերը. բանուորներու, երիտասարդներու եւ գործազուրկներու հանդէպ արդար կեցուածքը։

Հասնելու այս եւ այլ դրական նպատակներու, կարիքը կայ գերազանցել ռազմավարութիւն մը, որ հիմնուած է պաշտպանութեան եւ պատերազմի վրայ, եւ յաւելեալ կերպով կենդրոնանալ կայուն եւ համապարփակ զարգացման մը վրայ, յատկապէս յառաջադէմ երկիրներու պարագային։

Լոկ միջազգային համագործակցութիւնը կրնայ ըլլալ լուծումը՝ հասնելու ընկերային արդարութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.