2016-12-08 10:37:00

Պրիւքսէլի մէջ մամլոյ ասուլիս հայող` ''Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձի'' դատին։


Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակը կը հաղորդէ, որ նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբին, երէկ յետմիջօրէին Պելճիքայի մայրաքաղաք Պրիւքսէլի մամլոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատին առիթով, որուն նպատակն է պահանջել Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը:

Մամլոյ ասուլիսին մասնակցեցան եւ դատավարութեան ընթացքը ներկայացուցին կաթողիկոսարանի իրաւական խումբին անդամներէն երեքը` դոկտ. Փայամ Ախաւան, դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան եւ դոկտ. Թենի Սիմոնեան: Արամ Ա. կաթողիկոսի ողջոյնի խօսքը ուղղեց Գեղամ արք. Խաչերեան, իսկ մամլոյ ասուլիսի բացումը կատարեց ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Ասուլիսին ներկայ գտնուեցան միջազգային եւ տեղական լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներ, Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններ, պելճիքացի երեսփոխաններ, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, իրաւաբաններ եւ տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Վեհափառ հայրապետին ողջոյնի խօսքին մէջ նշուած էր. «Այս դատը պատմական դատ մըն է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 100 տարիներ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը բանայ թուրք պետութեան դէմ` պահանջելով իր պատմական նստավայրին վերադարձը»:

Իր կարգին, ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան կարեւոր նկատեց նման դատի մը նախաձեռնութիւնը, որ ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է, թէ մեր դատը ճանաչումէն անցած է հատուցման փուլին: Սոյն մամլոյ ասուլիսը կարեւոր է այն առումով, որ Պրիւքսէլը, ըլլալով Եւրոպական Միութեան կեդրոնատեղին, ասուլիսին այդտեղ կայանալը արդէն փաստ մըն է, որ բարձրագոյն ատեաններուն առջեւ հայը կը հետապնդէ իր դատը:

Կաթողիկոսարանի իրաւաբաններու յանձնախումբի հիմնական փաստաբաններէն դոկտ. Փայամ Ախաւան շեշտեց, որ այս դատը հիմնուած է երկու կարեւոր սկզբունքներու վրայ, որոնք են` կալուածի վերադարձը իր իրաւատիրոջ եւ ազատ պաշտամունքի իրաւունքը, որոնք նաեւ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններու պարագային պաշտպանուած են Լոզանի դաշնագիրով: Ախաւան նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է խոհեմ գտնուին եւ վերադարձնեն կալուածը: Ան վստահեցուց, թէ դատը իրաւական եւ պատմական ամուր հիմնաւորումներով ներկայացուած է դատարան:

Դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան իր կարգին անդրադարձաւ մինչ օրս դատական հոլովոյթին անցուդարձերուն` շեշտելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը անուրանալի փաստ մըն է, եւ Թուրքիան պարտաւոր է առերեսուիլ իր անցեալին հետ, ինչ որ նաեւ կը նշուի Եւրոպական Միութեան եւ եւրոպական երկիրներու բանաձեւերուն մէջ:

Դոկտ. Թենի Սիմոնեան ներկայացուց դատին նախապատրաստական աշխատանքները,  եւ ընդգծեց, որ այս դատը առիթ մը պիտի հանդիսանայ Թուրքիոյ մէջ գտնուող, բռնի իսլամացուած միլիոնաւոր թաքուն հայերուն վերագտնելու իրենց պատկանելիութիւնը եւ վերադառնալու իրենց հայկական արմատներուն:

Ներկայացումներուն աւարտին, ներկաներուն առիթ տրուեցաւ, որ կաթողիկոսարանի իրաւական յանձնախումբի անդամներուն ուղղեն իրենց հարցումները` յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար: Նշենք նաեւ, որ մամլոյ ասուլիսը դիմատետրի ճամբով ուղիղ հեռարձակուեցաւ, եւ շատեր նաեւ այս ճամբով իրենց հարցումները ուղղեցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.