2016-12-08 10:44:00

Այսօր համպուրկի մէջ Քերրի-Լաւրով հանդիպում


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր հանդիպում պիտի ունենան Համպուրկի մէջ:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը կը գրէ. «Քերրի 6 դեկտեմբերին յայտարարած է, որ կը ծրագրէ 8 դեկտեմբերին Համպուրկի մէջ հանդիպում ունենալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ եւ փորձել յառաջ շարժելու ճամբայ գտնել»:

Մէկ օր առաջ Քերրի յայտարարած է, որ յոյս ունի այս շաբաթ Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացնել Սուրիոյ վերաբերեալ քաղաքական բանակցութիւններու անցնելու անհրաժեշտութեան հարցին մէջ:

Նախապէս Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնած էր, որ Լաւրով 8-9 դեկտեմբերին Համպուրկի մէջ պիտի մասնակցի ԵԱՀԿ-ի նախարարներու խորհուրդի նիստին, եւ այդ ծիրին մէջ նախատեսուած են շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.