2016-12-07 10:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը ուղղուած Քահանայապետական կաճառներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2016-ի, յետմիջօրէին, Վատիկանի ՝՝Քանչելլերիա ՝՝անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ''գեղեցկութեան կայծեր'' խորագիրով, Քահանայապետական կաճառներուն միասնական 11–րդ նիստը։

Նիստի աշխատանքներուն բացումը կատարեց Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդին նախագահ` Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազին։ Ապա, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝  Փիեթրօ Փարոլին,  յանուն Ֆրանիչսկոս Սրբազան Քահանայապետին մրցանակի պարգեւատրում կատարեց Քահանայապետական կաճարներու երկու արուեստագէտ երիտասարդներուն,  հուսկ՝ընթերցեց Սրբազան Հօր պատգամը  ուղղուած նիստի մասնակիցներուն։
Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ   խրախուսեց  երիտասարդները,  որ   փայլեցնեն  գեղեցկութիւնը՝ յատկապէս հոն ուր՝ առօրեայ կեանքին մէջ խաւարը կը  տիրէ։

Քաջալերեց` արուարձաններուն մէջ գտնուող Եկեղեցական ժողովրդապետութիւնները դառնալու  գեղեցկութեան եւ հիւրընկալութեան Ովասիս, նպաստելու համար Աստուծոյ հետ հանդիպումին, հասարակութեան համերաշխ զարգացման ի շահ։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը  շեշտեց արուեստագէտներուն եւ  յատկապէս հաւատացեալ արուեստագէտներուն  կարեւոր պարտականութիւնը, այն է`   իրագործել արուեստական գործեր, գեղեցկութեան ոճով,  սփռել յոյսի կայծեր,  հոն ուր մարդիկ, յուսահատութեան ու  անտարբերութեան ենթարկուած են, ապա ընգծեց , թէ անոնք ''մարդկութեան յոյսի վկաներն են''։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը գնահատեց Քահանայապետական կաճառներու գործունէութիւնը,  հուսկ՝ պատգամը աւարտեց բոլոր ներկաները ու անոնց առօրեայի ընթացքը յանձնելով Սուրբ կոյսի հովանիին.

 








All the contents on this site are copyrighted ©.