2016-12-07 11:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը կաշառակերութեան դէմ եւ մարդու Իրաւունքի ի սպաս օրերուն առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2016-ին, հրապարակային ընդհանուր ունմկդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանապետ կոչ  ուղղեց ՄԱԿ-էն հռչակուած`  կաշառակերութեան դէմ  եւ մարդու իրաւանց համաշխարհային օրերուն առիթով։

՝՝Յառաջիկայ երկու օրերուն պիտի նշուին, ՄԱԿ-ին կողմէ նախաձեռնուած կարեւոր օրեր։ Մէկը , կաշառակերութեան դէմ օրը,  որ պիտի նշուի 9 դեկտեմբերին, երկրորդը ՝ 10 դեկտեմբերին նշուելիք,  մարդու իրաւանց օրն է։ Երկու այս օրերը,  իրարու միջեւ  սերտ կապուածութիւն  ունեցող  իրականութիւններ են'' ըսաւ Քահանայապետը ու ընդգծեց թէ ''Կաշառակերռութիւնը, բացասական երեւոյթն մըն  է,  որուն դէմ պէտք է պայքարիլ, սկսեալ անհատական  խղճմտանքէն, եւ հսկելով քաղաքացիական կեանքին ոլորտներու  վրայ, յատկապէս անոնց որոնք աւելի վտանգուած են։

Մինչ՝ մարդու իրաւունքները, ըսաւ Սրբազան հայրը,  դրական երեւոյթ են,  որ պէտք է զարգացնել` միշտ վերանորոգուած վճռակամութեամբ, որպէսզի ոչ մէկը բացառուած մնայ մարդու անհատի  հիմնական իրաւունքներու  փաստացի ճանաչումէն''։՝

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչը աւարտեց հայցելով Տիրոջ աջակցութիւնը յիշեալ յանձնառութիւններուն համար։

Յայտնենք նաեւ,  թէ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ զանազան լեզուներով ողջունեց ունկնդրութեան ներկայ գտնուող ուխտաւորները յատուկ ողջոյնի խօսք ուղելով հիւանդներուն, երիտասարդներուն ու  նորապսակեալներուն։

''Ծիսական յիսնակաց շրջանը առիթ է յատուկ շնորհքի՝  խոկալու համար Տիրոջ հանդիպելու  մեր ուղեւորութեան վրայ ՝՝ըսաւ Նորին Սրբութիւնը յիշելով Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնը­, որ լատին եկեղեցին կը նշէ վաղը 8 դեկտեմբերին ու հրաւիրեց Աստուածամայրը առնել որպէս օրինակ` Սուրբ Ծննդեան Տօնին ներքին  պատրաստութեան համար, որպէսզի իւրաքանչիւր սիրտ դառնայ  Աստուծոյ որդին հիւրընկալող օրրան մը , դառնայ Հօր Ողորմածութեան դիմագիծ, անսալով Անոր Խօսքին` եղբայրասրիական գործերու ու աղօթքի միջոցաւ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.