2016-12-07 11:59:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հարցազրոյցը Պելճիքայի կաթողիկէ ''Թերթիօ'' շաբաթաթերթին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Յոբելեանի նիւթը, աշխարհականութեան նիւթը,  երիտասարդներու դիմաց կայացած մարտահրաւէրներն ու Եւրոպան, ապա Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսականութիւնը, հաղորդակցութեան միջոցներու պատասխանատուութիւնը ու քահանաները'' հանդիսացան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին` Պելճիքական կաթողիկէ ''Թերթիօ'' շաբաթաթերթին շնորհած, եւ 7 դեկտեմբերին լոյս տեսած հարցազրոյցին` քննարկած նիւթերը։

Զրոյցին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց,  թէ հասարակական կեանքէն կրօնքը բաժնելու կարգաւորումը ''հնացած կարգաւորում է'', շեշտելով թէ ''աշխարհիկ պետութիւն մը աւելի լաւ է քան դաւանական պետութիւնը'' սակայն աշխարհականութիւնը պէտք չէ իր դռները փակէ ''վերացականութեան''­, որովհետեւ այս մէկը մաս կը կազմէ մարդկային էութեան եւ թէ երբ ''քաղաքական համակարգ'' մը այս իրականութիւնը կ՛անտեսէ, կ՛անտեսէ ու դուրս կը պահէ մարդ անհատը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձ կատարելով ապա կրօնական ծայրայեղականութեան, դարձեալ հաստատեց,  թէ ոչ մէկ կրօնք պատերազմը կ՛ուզէ եւ թէ կարելի չէ ''Աստուծոյ եւ կրօնի անունով պատերազմ մղել'' ու թէ ծայրայեղական խմբաւորումները, որոնք մաս կը կազմեն ամէն կրօնի, ախտեր են որոնք իրենց կրօնքի հիւանդութեան պատճառ կը դառնան։  

Խօսելով ապա Եւրոպական ցամաքամասի մասին Սրբազան Քահանայապետը դիտել տուաւ թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն հարիւր տարիներ ետք տակաւին կը գտնուինք ''մաս-մաս'' տեղի ունեցող համաշխարհային պատերազմի մէջ,  որովհետեւ հակառակ որ,  մէկ կողմէն բերանացի կը հնչեցնենք ''ո՛չ պատերազմին'' կարգախօսը, միւս կողմէն կը շարունակենք զէնքեր արտադրել ու վաճառել, որոնց հետեւանքը միայն արիւն է։ Քահանայապետը ապա  մատնանշեց թէ այսօրուայ Եւրոպայի մէջ կը պակսին ճշմարիտ առաջնորդներ։

Անդրադառնալով հուսկ՝ Ողորմութեան սուրբ տարուայ յոբելեանի մասին,  Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ յոբելեանը հռչակելու գաղափարի ներշնչումը եկաւ Տիրոջմէ ու հաստատեց թէ ողորմութիւնը` Աստուծոյ շոյանքը, ''թանկ է, սակայն շուկայական լաւ գին ունի''։ Շուկայական լաւ գին­, ըսաւ Քահանայապետը, որովհետեւ ձրի է` ներումը չի վաճառուիր։ Թանկ է` որովհետեւ ամենէն թանկարժէք պարգեւն է զոր Աստուած մեզի կու տայ­, որովհետեւ Աստուծոյ անունը ողորմութիւն է''։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ անդրադարձաւ սիւնհոդոսականութեան մասին ու յատկապէս ''տարբերութիւններու մէջ միասնութեան կարեւորութեան մասին'', որ է, յայտնեց Քահանայապետը, եկեղեցւոյ ուղեւորութիւնը, ապա խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն, վերյիշեց Քրաքովիայի երիտասարդաց հաւաքը, ու  խրախուսեց զանոնք չի վախնալ եւ չամչնալ հաւատք ունենալէ, ապա որոնել նոր ուղիներ ու քաջութեամբ ընթանալ դէպի ապագայ։

Սրբազան Քահանայապետը յատուկ անդրադարձ կատարեց հուսկ հաղորդակցութեան միջոցներու աշխարհին ընդգծելով անոնց`''ընկերութեան կերտումի'' ծիրէն ներս ունեցած մեծ ու կարեւոր պատասխանատուութիւնը։ Անոնք կարող են ըլլալ դրական եւ կամ բացասական եւ ասոր համար հարկաւոր է ''ապատեղեկատուութեան'' չդիմել այլ միշտ փնտռել ու հրապարակել ճշմարտութիւնը` ամենայն  թափանցիկութեամբ։

Քահանայապետը իր վերջին խօսքը ուղղեց քահանաներուն անոնցմէ խնդրելով որ սիրեն Սուրբ Կոյսը­, ու իրենց եղբայրներուն մէջ փնտռեն Յիսուսի տառապող մարմինը ու չամչնան քնքշութենէն,  որովհետեւ  հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ­, այսօր կարիքը կայ քնքշութեան յեղափոխութեան մը` աշխարհի մը մէջ որ կը տառապի սրտի կարծրախտութենէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.