2016-12-07 10:22:00

Հին Հալէպի շրջանը ազատագրուած է


Դեկտեմբեր 6-ի ուշ գիշերին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հաւաքական կերպով նահանջեցին Հին Հալէպի ամբողջ տարածքէն։ Այս մասին yerakouyn-ին կը յայտնէ Հալէպի Գանձասար թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանը։

Զինեալներէն ոմանք համաձայնեցան յանձնուիլ սուրիական բանակին՝ վար առնելով իրենց զէնքերը։  Սուրիակսն բանակը իր ամբողջական հակակշռին տակ առաւ Հին Հալէպի Աղիոր, Քասթըլ Հարամի, Պապ ալ Հատիտ եւ մերձակայ թաղամասերը։ Կը սպասուի սուրիական բանակի հրամանատարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը այս ուղղութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.