2016-12-07 10:54:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Աշխարհի Վախճանին Գործնական Նշանը

Ժամանակ առ ժամանակ մարդկութիւնը կը մտահոգուի երեւելի այս աշխարհին կործանման մտավախութեամբ, թէ՝ ե՞րբ պիտի պատահի ատիկա, ինչպէ՞ս պիտի պատահի, ի՞նչ նշաններ ցոյց պիտի տրուին նախքան վերջնական աւերածը, եւայլն:
Դարադարձի տարին՝ 2000 թուականին, իրարանցում ստեղծուեցաւ այս իմաստով, որուն վերյիշումը պարզապէս ծիծաղ կը յառաջացնէ հիմա: Նոյն խաղին կրկնութիւնը՝ 12 տարի ուշացումով՝ 2012ի համար իբրեւ ժամկէտ նշուեցաւ, հիմնուած մի քանի երեւակայական ներշնչումով պատրաստուած շարժապատկերներու եւ սնամիտ գուշակներու փոխանցած տեղեկութիւններուն վրայ:
Ամէնէն աւելի աղանդաւորական խումբեր որսի ելան, տիրող կացութենէն, պղտոր ջուրի վարպետ ձկնորսներ ներկայացնելով իրենց անձերը:
Այս ամէնուն մէջ զարմանալին այն է, որ մարդիկ «հին» նկատելով Աստուածաշունչի ճշմարիտ խօսքերը, կը տարուին նորելուկ «մարգարէութիւններ»ու բախտախնդիր կեղծ հեղինակներէն, եւ անոնց պատճառած անորոշութեան մէջ ալ կ՛ընկղմին ու կը մնան:
Աւետարաններուն մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերը աշխարհի վախճանին մասին, իսկապէս պէտք է երկիւղ պատճառեն մեղաւոր մարդկութեան: Ինչքան ալ անմեղ ու անպարտ նկատէ մարդ ինքզինք, դարձեալ մարմնեղէն այս կեանքին մէջ չի՛ կրնար ամբողջութեամբ անմեղ ապրիլ, այլապէս ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլայ թէ՛ իր հաւատքը եւ թէ իր կեանքը:
Աստուածաշունչի մեկնաբաններ, աշխարհի վախճանին մասին Յիսուսի տուած բացատրութիւնները երկու խումբի կը բաժնեն.

Ա- Շուտով պատահելիքներ, եւ՝

Բ- Աւելի ուշ՝ ամէն ինչի վախճանին տեղի ունենալիքներ:

Այս իմաստով, այն կործանումները կամ աւերածները որոնք յիշուած են իբրեւ «շուտով պատահելիքներ», արդէն տեղի ունեցած են, Տաճարի կործանման ու Երուսաղէմի աւերման դէպքերու ծիրէն ներս (Հմմտ Մտ 24.2):
Բուն վախճանին՝ ամէն ինչի կատարածին տեղի ունենալիք դէպքերու մասին, Յիսուս նշաններ ցոյց կու տայ, որոնք թէ՛ ընկերութեան կեանքի խաթարումով եւ թէ երկնային մարմիններու՝ բնութեան խախտումով սկիզբ պիտի առնեն (Հմմտ Մտ 24.29): Սակայն աշխարհի վախճանով այնքան հետաքրքիր մարդոց համար, անոր վախճանին մօտալուտ ըլլալը գուշակելու աւելի գործնական ու դիւրին կերպ կայ: Այստեղ, երբ այդ կործանման՝ աւերման, նիւթեղէն քայքայման արտաքնապէս երեւելի նշաններուն մասին կը խօսուի, կը նշանակէ թէ այդ նշանները պիտի կանխեն կործանումը, այսինքն՝ նախքան կործանումը ի յայտ պիտի գան:
Ընկերային կեանքի բարոյական օրէնքներու խախտումը իբրեւ նշան տրուած էր արդէն Յիսուսի ու անոր առաքեալներուն կողմէ, իբրեւ «չար ժամանակներուն» պատահելիք նշաններ: Իսկ այդ նշանները կանխող կամ անոնց ճամբան հարթող հիմնական նախանշանը սուտն է, իր բոլոր տարբերակներով:
Սակայն ո՞վ է սուտին սկզբնաղբիւրը: Աստուածաշունչը «ստութեան հայր» կ՛անուանէ սատանան՝ չարը, չարին արմատը, որուն անձը իր արարքին հետ կը նոյնանայ: Իւրաքանչիւր գիտակից հաւատացեալ, պարզապէս հետեւելով ստախօսի գործունէութեան ու անոր նենգ խառնակչութեան, կրնայ հաստատապէս յայտարարել, թէ մօտեցած է աշխարհի վախճանը, որովհետեւ անիկա ուրիշ այլ կերպերով պիտի չմօտենայ, բայց միայն մարդկային ընկերութեան բնականոն կեանքի խախտումով: Այդ անբնական կացութեան մաս կը կազմեն ո՛չ միայն մարդկային փոխ-յարաբերական կեանքի արտասովոր երեւոյթները, այլ մինչեւ իսկ հարազատներու միջեւ սերմանուած ատելութիւնները, աշխատանքային բնագաւառէն ներս հետեզհետէ տիրապետող նախանձը, անհանդուրժողութիւնը, ծնողներու հանդէպ յարգանքի պակասը, զաւակներուն տրուած թերի դաստիարակութիւնը տգէտ ծնողներու կողմէ, տակաւին՝ այր թէ կնոջ անհաւատարմութենէն ծագող անասելի հետեւանքները, եւայլն:
Ահաւասիկ երեւոյթներ, որոնք մարդը Աստուծմէ հեռացուցած ըլլալէ բացի, ներկայ ժամանակներուն հետզհետէ սկսեր են «բնական» կամ «սովորական» նկատուիլ:

Սուտը ինքնարտադրիչ բնութիւն ունի: Չկայ աշխարհի վրայ ուրիշ երեւոյթ, բոյս կամ էակ, որ այսքան շուտ կրկնօրինակէ ինքզինք: Մինչ ծաղիկին հունտը հող պիտի փնտռէ՝ իյնալէ ետք այնտեղ աճելու, իսկ անդին կենդանին ու մարդը իրենց տեսակը շարունակելու համար արու եւ էգի սերմերուն զուգաւորումը պայման ունին, ասդին սուտը, անսեռ կամ որձեւեգ բնութեամբ, ակնթարթային ինքնարտադրութիւն կ՛ունենայ, ո՛չ միայն կրկնօրինակելով ինքզինք, այլ՝ աներեւակայելի բազմացումով կլանելով ամբողջ մարդկութեան կեանքը:
Սուտը՝ աշխարհի կործանման նախանշան ըլլալէ առաջ, նախանշանն է զայն խօսողին կործանման: Իր խօսած իւրաքանչիւր սուտին հետ, ստախօսին հոգիին մէջ փուլ կու գայ անոր կարեւոր սիւներէն մէկը: Իսկ մեր ընկերային փոխ-յարաբերական կեանքը ի՞նչ բանի յենած է, եթէ ոչ՝ մեր հոգիին մէջ գտնուող Աստուածահիմն այդ սիւներուն…:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.