(Ռատիօ Վատիկան) Այսօր` 7 դեկտեմբերին կը նշուի Սպիտակի երկրաշարժի 28-րդ տխուր տարեդարձը։ 1988-ի դեկտեմբեր 7-ին, առաւօտեան 11.41-ին, 6.9 ուժգնութեամբ երկրաշարժի ցնցում մը հարուածեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանը աւերումի ենթարկելով`աղէտահար այդ գօտիին 3000 քառակուսի քիլոմեթրը: Քար ու գանդ եղան 11 քաղաք եւ 58 գիւղեր: Տուժեցին 21 քաղաքներ եւ 342 գիւղեր: Անօթեւան մնացին 514.000 անձեր: Իսկ զոհերու թիւը` 25.000։
Փլատակներու տակէն փրկուեցան 45.000 մարդ: Աղէտի գօտիէն արտահանուեցան 120 հազար մարդ:
Այսօր` 7 դեկտեմբերին հայ ժողովուրդին համար այլ սուգի օր մըն է։ Օր է յիշատակելու ու կսկիծով յիշելու այդ մեր եղբայրներն ու քոյրերը, մեր պապիկներն ու մամիկները, մեր անմեղ մանուկները որոնք զոհ եղան բնութեան պատճառած արհաւիրքին։
Օր է նաեւ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած ու Անորմէ հայցելու բոլոր հայ ազգի ննջեցեալ զաւակներուն համար` յաւիտենական կեանք եւ մի գուցէ երախտապարտութեան խօսք ուղղելու բոլոր անոնց` որոնք փութով ժամանեցին աղէտի գօտի, եւ իրենց օգնութիւնը մատուցեցին, սփոփանք ու յոյս ներշնչելով վերապրողներուն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |