2016-12-07 16:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խաղաղութեան համաշխարհային 50-րդ օրուայ պատգամը` բռնութեան վերացումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ  կը ներկայացուի, յառաջիկայ  յունուար 2017-ին նշուելիք, խաղաղութեան  համաշխարհային 50-րդ օրուայ առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը, որուն նիւթն է ՝՝Բռնութեան վերացումը.  խաղաղութեան ի սպաս քաղաքականութեան ոճ։՝՝

Խաղաղութեան պատգամի ներկայացումին ներկայ  կը գտնուին  Արդարութեան եւ խաղաղութիւն քահանայապետական  խորհուրդի նախագահ՝  կարդինալ Փիթեր Ափփիա Թուրքսոնը եւ միեւնոյն խորհուրդի խորհրդական Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմազի։








All the contents on this site are copyrighted ©.