2016-12-06 09:08:00

Ներքին աշխարհը արտացոլալ. Խորհրդածութիւն։


Մեր  հայրերը  կեանքի  իմաստութեամբ  լի մարդիկ  էին,  ու  զայն  կտակեցին  մեզի  որպէս անգնահատելի հրիտակ:

Ծերունի  հայրիկ  մը,  նստած  իր  տան  սեմին՝  կը  դիտէր  անցորդները:  Կը  քաջալերէր  մին,  կը ժպտէր երկրորդին եւ անուշութեամբ կը խրատէր

երրորդին... Ամէնքէն յարգուած էր ու մեծարուած:

Այնտեղէն,  զբօսաշրջիկ  մը  կ’անցնէր:

Երիտասարդ  տարիքին  հեռացած  էր  այդ քաղաքէն,  աշխատելու  եւ  օգնելու  համար՝ տարիքը  առած  բազմանդամ  զաւակներու  տէր իր  հայրիկին,  ու  միաժամանակ   ճարելու  բոլոր ընտանիքին  ապրուստը:  Երիտասարդը  կեցաւ

ծերունիին դիմաց, բարեւեց ու ըսաւ. Հայրիկ,  շատոնց  հեռաւոր  ափերու  վրայ

ապրած  եմ:  Ի՞նչպէս  կ’ապրին  այստեղի քաղաքացիները:

Ծերունին հարցումով մը պատասխանեց.Ի՞նչպէս է ժողովուրդը ապրած ու աշխատած քաղաքիդ մէջ:

Հայրիկ, մի հարցներ: Օտարութիւնը չսիրեցի, որովհետեւ  ժողովուրդը  եսասէր  է  ու  հպարտ:

Կարելի չէ ապրիլ անոնց հետ: Այս պատճառաւ, մեծ ուրախութեամբ ծննդավայրս վերադարձայ:

Ալեւոր հայրիկը պատասխանեց.Զաւակս,  հոս  ալ  նոյն  բնաւորութեամբ

անձերու պիտի հանդիպիս:

Տխրութեամբ  համակուած՝   երիտասարդը մեկնեցաւ:

Աւելի  ուշ,  ուրիշ  երիտասարդ  մը  կ’անցնէր այդտեղէն:  Կանգ  առաւ  տարիքոտ  մարդուն դիմաց: Բարեւեց ու մեծարեց անուշ ժպիտով մը ու հարցուց.

Առաջին անգամն է, որ կ’այցելեմ ձեր քաղաքը:

Ի՞նչպէս կը գտնես այս երկրին բնակիչները:

Ծերունի  իմաստունը  պատասխանեց հարցումով մը եւ նոյն շեշտով.

Ըսէ՛տղաս, քու բնակած վայրիդ ժողովուրդը ի՞նչպէս է:

Շատ  բարի  են  ու  մարդամօտիկ,  ծառայասէր ու ժպտերես, աշխատասէր եւ ուղղամիտ:

Տղաս,  հոս  ալ  պիտի  հանդիպիս  շատ  բարի ու  մարդամօտիկ,  ծառայասէր  ու  ժպտերես, աշխատասէր եւ ուղղամիտ ժողովուրդի մը:

Երիտասարդը մեկնեցաւ ուրախ սրտով:

Ծերունիին  դրացին,  լսելով  անոր խօսակցութիւնը  երկու  երիտասարդներուն

հետ ու տուած հակասական պատասխանները՝ զարմացաւ:  Մօտեցաւ  անոր  ու  մտերմօրէն հարցուց.

Եղբայր,  ի՞նչպէս  կրնաս  երկու  բոլորովին հակասական  պատասխաններ  տալ միեւնոյն հարցումին:

Բարեկամ, ո՛վ որ կը բանայ սիրտը,կը փոխէ նաեւ  իր  նայուածքն  ու  գաղափարը  ուրիշին նկատմամբ: Ժպտէ՛ եւ աշխարհը կը ժպտի քեզի:

«Աչքը ճրագն է մարմինին. եթէ աչքդ մաքուր է,  մարմինդ  լուսաւոր  պիտի  ըլլայ:  Եթէ  աչքդ չար է, բոլոր մարմինդ խաւարի մէջ պիտի մնայ» (Մատթ. 6, 22-23):

Հայր Յովհաննէս Վրդ. Թէյրուզեան, Եպիսկոպոս








All the contents on this site are copyrighted ©.