Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 6ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը դատ պիտի բանայ Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարանին մէջ՝ պահանջելով Սիսի պատմական կաթողիկոսարանին վերադարձը:
Ինչպէս ծանօթ է, շուրջ երկու տարիներու վրայ տարածուած աշխատանքէ ետք, Ապրիլ 28, 2015ին, կաթողիկոսութիւնը Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ դատ բացած էր՝ վերոյիշեալ պահանջով: Սահմանադրական դատարանը իր կարգին դիմած էր Թուրքիոյ արդարութեան նախարարութեան՝ անոր կարծիքը ստանալու: Վերջինս թելադրած էր մերժել դատը՝ զայն Սահմանադրական դատարանին իրաւասութեան սահմաններէն դուրս նկատելով:
Հետեւաբար, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը որոշեց դիմել Եւրոպայի մարդկային իրաւանց դատարան, Սթրազպուրկի մէջ (Ֆրանսա):
Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 7ին, Պրիւքսէլի մամլոյ ակումբին մէջ, տեղական ժամով՝ կէսօրէն ետք ժամը 1ին տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս մը, մասնակցութեամբ տեղական ու միջազգային մամլոյ գործակալութիւններու, քաղաքական պատասխանատուներու եւ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու: Մամլոյ ասուլիսին պիտի մասնակցին նաեւ վեհափառ հայրապետին ներկայացուցիչը, Պրիւքսէլի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը եւ նշեալ դատը հետապնդող իրաւաբաններու խմբակէն հինգ անձեր:
All the contents on this site are copyrighted ©. |