2016-12-05 10:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութիւնը Բարթողոմէոս Պատրիարքին համամիութենական յանձնառումին համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Բարթողոմէոս Պատրիարքի` ''Քրիստոսի հաւատացողներու միջեւ աւելի մեծ հաղորդութեան զարգացումին ի սպաս ծառայութեան համար` երախտագիտութիւն''։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սահմանեց` Փուլիայ մարզի Աստուածաբանական մասնաճիւղին` Բարթողոմէոս պատրիարքին շնորհած ''Սուրբ Նիկողայոսի''անուան մրցանակի տուչութիւնը, Պարի - Պիթոնթօ թեմի եպիսկոպոսին ուղղածմէկ հեռագիրի մը մէջ, որով ապա  յայտնած է թէ ինք ''հոգեպէս կը միանայ իր սիրելի եղբօր` Բարթողոմէոս պատրիարքին'' որ Պարիի մէջ պիտի մեծարէ Սուրբ ''Միրա Նիքոլա'' եպիսկոպոսին մասունքները, այս սուրբ եպիսկոպոսին յանձնելով նաեւ ''միասնական աղօթքը` ի սպաս համայն քրիստոնեաներու լիակատար միութեան''։

Այս գնահատելի ձեռնարկով, կը գրէ ապա Քահանայապետը հեռագիրին մէջ, Փուլիայի Աստուածաբանական մասնաճիւղը եւ Փուլիայ Մարզի համայն եկեղեցին կը վկայեն իրենց հաւատարմութիւնը` իրենց այն կոչումին` կամուրջ հանդիսանալու Արեւելիքի եւ Արեւմուտքի քրիստոնեաներու միջեւ։

Նշենք թէ այս օրերուն Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա-ը այցելութեամբ կը գտնուի Իտալիոյ հարաւային շրջանի մաս կազմող` Փուլիա մարզին մէջ, ուր երկուշաբթի 5 դեկտեմբերին Պարիի Սուրբ Նիկողայոս պազիլիքայի մէջ բացումը կը կատարէ Փուլիայի Աստուածաբանական մասնաճիւղի` 2016-2017 տարեշրջանին, ու այս առթիւ կ՛ընդունի ''Սան Նիքոլայի'' անուան համամիութենական մրցանակը։ Մինչ երեքշաբթի` 6 դեկտեմբերին Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը նոյն Պազիլիքային մէջ կը մասնակցի Պարի-Պիթոնքօ թեմին եպիսկոպոս` գերապայծառ` Ֆրանչեսքօ Քաքուչիի մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան։

''Սան Նիքոլա-ի'' անուան մրցանակը համամիութենական բնոյթ ունեցող կարեւոր մրցանակ մըն է որ ընդհանրապէս կը շնորհուի` կաթողիկէ եւ օրթոտոքս  անձնաւորութիւններուն, որոնք սատարած են քրիստոնեաներու միութեան զարգացումին։ Մրցանակը հիմնուած է է 1995-ին։ Մինչ Պարիի Սուրբ Նիկողայոսը եղած է ''Միրայի'' եպիսկոպոս եւ ապրած է Գ եւ Դ դարերուն, այժմու թուրքիոյ մէջ։ Ան մեծարուած է ըլլայ կաթողիկէ ըլլայ օրթոտոքս եկեղեցիներէն։  1087-ին, որոշ նաւաստիներ, Սուրբին աճիւնները փոխադրած են Պարի քաղաք։








All the contents on this site are copyrighted ©.