2016-12-05 11:03:00

Երկրաշաժէն ետք` վերաբացուեցաւ Քաշիայի Սրբուհի Ռիթայի տաճարին դուռը։


(Ռատիօ Վատիկան) Վերջերս  Իտալիոյ կեդրոնական շրջանին մէջ կայացող ուժգին երկրաշարժի մը հետեւանքով, Քաշիայի մէջ Սրբուհի Ռիթայի նուիրուած տաճարը մեծ վնասներ կրած էր ու Եկեղեցւոյ դուռը, ապահովութեան համար, փակ  մնացած էր  հաւատացեալներուն առջեւ,  մինչեւ որ վերջ գտան եկեղեցւոյ վերանորոգումի աշխատանքները։

Կիրակի`  4 դեկտեմբերին,  Նորչիա-Սփոլեթօ թեմին եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ռենաթօ Պոքքարտոյի մատուցած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ, վերաբացումը կատարուեցաւ Սրբուհի Ռիթայի նուիրուած եկեղեցւոյ։

Սրբուհի Ռիթայի տաճարին տեսուչ՝ Հայր  Պերնատինօ Փիչիարոլի, խօսելով եկեղեցւոյ վերաբացման արարողութեան մասին, շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ հակառակ երկրաշարժի աղէտի ուժգնութեան` խնայուած մնացած են անթիւ կեանքեր­, տրուած ըլլալով որ Քաշիայի եւ անոր մօտակայքը գտնուող շրջաններու մէջ, բացի նիւթական վնասներէն, ոչ մէկ մարդկային կորուստ արձանագրուած է։








All the contents on this site are copyrighted ©.